2015-02-19 09:37:18

Մեծ պահքի ընթացքին Մայր Աթոռը հիւանդ փոքրիկներուն աջակցող բարեգործական շարժում նախաձեռնած է


Մայր Աթոռի Հասարակական ծառայութեան կեդրոնը նախաձեռնած է sms-դրամահաւաք` Հայաստանի մէջ ապրող տարբեր հիւանդութիւններով տառապող հարիւրաւոր երեխաներու համար: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի Հասարակական ծառայութեան կեդրոնէն:
Սուրբ Վարդանանց տօնին առիթով, որ հռչակուած է նաեւ ազգային տուրքի` բարի գործի օր, կազմակերպուած է դրամահաւաք Փետրուար 12-Ապրիլ 4` Մեծ Պահքի ողջ ընթացքին:
Նախաձեռնութեան միացած են Հայաստանի երեք բջիջային ընկերութիւնները: Ուղարկելով 7733 կարճ համարին “help” բառը, փափաքողները կրնան մասնակցութիւն բերել մանուկներու ապաքինման: 500 դրամ արժող հաղորդագրութիւնը հնարաւոր է ուղարկել բջիջային բոլոր ընկերութիւններուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.