2015-02-19 09:54:25

Հայ Ձեռագրի Պատմութեան Ուղիին Վրայ


Հնագրագան խորհրդածութիւններ ձեռագիրներու շուրջ

Հայերէն գրչութիւնը դարերու ընթացքին ունեցած է տառաձեւերու կամ տառատեսակներու զարգացում մը։ Գրչութեան ձեւը՝ ինչպէս այսօր մենք կը գործածենք՝ դարերու ընթացքին փոփոխութիւններ կրելով հասած է մեզի։ Հնագրական բացայայտումներ կը հիմնուին ձեռագիրներու մանրազննին ուսումնասիրութեան վրայ։ Սակայն՝ եթէ ձեռագրի մը գրչութեան ժամանակը մեզի անծանօթ է՝ դժուար կ’ըլլայ որոշելու տուեալ ոճի ժամանակաշրջանը։ Հետեւաբար՝ կարենալ ճշդելու համար գրչութեան մը ձեւին ժամանակը՝ անհրաժեշտ է գիտնալ ձեռագրի ստեղծման ժամանակը։ Ձեռագիրներու յիշատակարանները այս ուսումնասիրութիւններուն կարեւոր ծառայութիւն մը կը մատուցանեն, որովհետեւ հոն կը յիշուին գրչութեան ժամանակը եւ վայրը եւ այլ տուեալներ։
Նախորդ հաղուրդումին մէջ յիշեցինք Հ. Յակոբոս Տաշեանի1898ին հրատարակած ուսումնասիրութիւնը, որուն խորագիրն է՝ ՙԱկնարկ մը Հայ Հնագրութեան վրայ՚։ Հ. Տաշեան կը քննարկէ հայերէն գրչութեան մէջ տառերու զարգացումը՝ Մաշտոցի ժամանակէն մինչեւ մատենագրութեան նոր ժամանակաշրջանները։
Հ. Տաշեան կը գրէ՝ ՙՀայերէն ձեռագիրները ընդհանրապէս մեծ դիւրութիւն կը մատուցանեն հնութեան լաւ սովորութեամբն որ առհասարակ մէկ կամ աւելի ՙյիշատակարան՚ կ’ունենան, ուր գրիչն, ստացիչն, գրութեան թուականն եւ տեղը կը ծանուցուին՝ յաճախ երկար տեղեկութիւններով իւրաքանչիւրին ընտանեաց, նոյն ժամականները եւ տեղերը պատահած դիպաց, եւն։ Դժուարութիւն կը պատճառեն միայն անթուական ձեռագիրներն՝ որոնք կա՜մ չունէին որեւէ յիշատակարան կա՜մ յընթացս ժամանակաց ինկած կորսուած են անոր վերաբերեալ թղթերը։ Հին ձեռագիրներու յարգը քիչ անգամ ճանչցուած է յետագաներէ, որոնք այլեւայլ պիտոյից – յաճախ իբրեւ Պահպանակ՝ ձեռագիր մը կազմելու համար – գործածած, փճացուցած են երբեմն այնպիսի ձեռագիրները ալ, որոնք իրենց շքեղ գրչութեամբն ու նաեւ ծաղկմամբ ամէն թանգարանի զարդ կրնային համարուիլ՝ եթէ անարատ հասած ըլլային։ …
Քիչ չեն այն կտորներն ալ, նաեւ երբեմն ամբողջ ձեռագիրներ, որոնք որեւէ ուրիշ նշանէ զուրկ են. Ուստի իրենց հնութիւնը մերձաւորապէս որոշելու համար միայն տառերու ձեւն ու գրչութեան կերպը կը մնայ։ Հոս պէտք էր որ հայ հնագրութիւնն աւելի որոշ կանոններ ունենար՝ զասոնք դիւրութեամբ դասաւորելու. եւ ճիշդ այս կանոններն կամ ըսենք ապահով ապացուցուած իրողութիւններն են որ կը պակսին այժմ՝ քննութեանց ալ պակսելովն։՚
Ապա Հ. Տաշեան կը յիշէ թէ ձեռագիրներու աշխատանքը կատարուած է գրչագրութեան զանազան կենդրոններու մէջ, որոնց միջեւ կային աշխարհագրական խոչընդոտներ։ Հետեւաբար՝ կը գրէ հեղինակը՝
ՙԱնկարելի չէ ուրեմն մտածելն որ մեր ընդարձակ աշխարհին այս կամ այն կողման վանքերէն մին աւելի մէկ տեսակ գրի ոյժ տար մշակելով եւ զարգացնելով զայն. Ուրիշ հեռաւոր մը՝ գրչութեան մէջ յատուկ մանր եղանակաւորումներ ցուցընէր։ Հին ժամանակի հաղորդակցութեանց նուազութիւնն ու դժուարութիւնը չէր ներեր որ՝ օրինակի համար՝ երբ Կիլիկոյ մէջ գրչութեան նոր հոսանք մը ծնանէր, նոյնը ծաւալէր անմիջապէս մինչեւ հեռաւոր հայաբնակ սահմաններն։ Ընդհանրապէս կրնայ միշտ ըսուիլ որ կրթութեան կենդրոններէն հեռու գտնուող վայրերը՝ ինչպէս ամէն բանի՝ նոյնպէս գրչութեան մէջ միշտ աւելի հին ձեւերը կը պահեն, եւ շատ ուշ տեղի կու տան նորագոյն սովորութեանց։՚
Կարճարօտ յիշենք նաեւ Հ. Տաշեանի խօսքերը գիրերու փոփոխութիւն կրելու պատճառներէն մէկուն մասին՝
ՙԵրկաթագիրն իբրեւ պաշտօնական գիր՝ գոնէ մինչեւ ԺԱ դար՝ արդէն հայոց աշխարհի ամէն կողմ գործածուած կը տեսնենք. որչափ որ մեզի ծանօթ ձեռագիրներէն կրնանք հետեւցնել։
Տառերու մանրանալուն, որով եւ նոր եւ դիւրագիծ տառերու ծագելուն՝ քիչ նպաստամատոյց չէր գրչութեան նիւթերու սղութիւնն։ Մեկենասները չէին պակսեր միշտ. բայց ոչ ամէն մարդ կրնար օրինակի համար հսկայ Աստուածաշունչ մը երկաթագիր մեծ տառերով գրել տալ. միայն պէտք եղած կոկուած մագաղաթը ժամանակին համար մեծ գումար մը կը պահանջէր։ Զուր տեղ չէ որ ձեռագիրք գրեթէ միշտ գրել տուողին առատաձեռնութիւնը եւ այս կամ այն եկեղեցւոյն նուիրելը գովութեամբ կը յիշատակեն յիշատակարաններուն մէջ։՚







All the contents on this site are copyrighted ©.