2015-02-18 13:34:29

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը Պրազիլի Եպիսկոպոսական Ժողովի ՙԵղբայրութեան Քարոզութիւն՚ ծրագրի առթիւ


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, չորեքշաբթի, 18 փետրուարի առաւօտեան պատգամ մը տուաւ Պրազիլի Եպիկսկոպոսական Ժողովի ՙԵղբայրութեան Քարոզութիւն՚ ծրագրի առթիւ:
Քառասնորդացը ապաշխարութեան, աղօթքի եւ սիրոյ ժամանակն է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ Ժամանակ՝ նորոգելու մեր կեանքը՝ մեր անձը նոյնացնելով Յիսուսի հետ, որ առատաձեռնութեամբ վարուեցաւ եղբայրներուն եւ յատկապէս ամէնէն կարիքաւորներուն հանդէպ։
Այս տարի Պրազիլիոյ եպիսկոպոսական ժողովը իբր բնաբան առած է Մարկոսի Ս. Աւետարանի խօսքը՝ ՙՄարդու որդին չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու, այլ ծառայելու եւ իր կեանքը տալու ի փրկութիւն շատերու։՚ (Մրկ Ժ. 45)
Այս քառասնորդացի շրջանին՝ Աստուած իր ժողովուրդին կոչ կ’ուղղէ դարձի գալու։ Իսկ եղբայրական հոգիի արծարծումը քառասնորդացի օրերուն՝ պիտի նպաստէ Ս. Աւետարանի լոյսով խորացնելու երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը Եկղեցւոյ եւ հասարակութեան միջեւ։ Այս է Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովի հոգին։ Մարդու արժանապատուութեան սկզբունքը յառաջ տանիլ եւ համագործակցիլ բոլոր քաղաքացիներուն հետ՝ լոկ հաստատութիւններու պարտականութիւնը չէ, այլ իւրաքանչիւր անհատի, որ պէտք է այս համագործակցութիւնը իրականացնէ սկսելով իր անձէն՝ ընտանիքի մէջ եւ կամ աշխատանքի միջավայրին մէջ։
Սրբազան Պապը յիշեցուց որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ եւ իւրաքանչիւր հասարակութիւն կոչուած են ըլլալու գործիք Աստուծոյ ձեռքին մէջ՝ իրականացնելու չքաւորներու ազատագրման եւ բարգաւաճման աշխատանքը։
ՙԵկած եմ ծառայելու։՚ Քրիստոսի այս խօսքը մեր սրտերը տրամադրելի կը դարձնէ նոր կեանքի, որ Քրիստոս մեզի պարգեւած է իր Սուրբ Յարութեան զօրութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.