2015-02-18 10:51:08

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի խաղաղութեան ի խնդիր։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 18 փետրուար 2015-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ մը ուղղեց` Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի խաղաղութեան ի խնդիր։
''Անգամ մը եւս կ՛ուզեմ հրաւիրել աղօթելու մեր եգիպտացի եղբայրներուն համար որոնք երեք օր առաջ սպաննուեցան Լիպիայի մէջ պարզապէս իրենց քրիստոնեայ ըլլալուն համար։
Տէրը զանոնք ընդունի իր բնակավայրին մէջ ու մխիթարէ անոնց ընտանիքներն ու հասարակութիւնները։ Աղօթենք Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի համար, յիշելով բոլոր ննջեցեալները, վիրաւորներն ու փախստականները։ Թող միջազգային հասարակութիւնը պատշաճ ու խաղաղ լուծումներ գտնէ Լիպիայի բարդ կացութեան համար'' - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.