2015-02-18 09:47:43

Հալէպի զանազան շրջաններ հրթիռակոծման թիրախ դարձան, ներառեալ Ազիզիէ եւ Պըստան Գըլափ. կան զոհեր եւ վիրաւորներ։


Քանի մը օրէ ի վեր Հալէպի մէջ եւ արուարձանները սուրիական բանակը զինուորական ծանր գործողութիւններ կը կատարէ զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ:
Մինչ սուրիական բանակը նկատառելի յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ Հիւսիսային եւ արեւմտեան արուարձաններուն մէջ եւ քաղաքը, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ թիրախ կը դարձնեն քաղաքի խաղաղ բնակչութիւնը։
Երեքշաբթի 17 Փետրուար 2015-ին, կէսօրէ առաջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման թիրախ դարձան քաղաքի զանազան շրջաններ: Մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ եւ հայաբնակ Ազիզիէ շրջանի «Ֆորեսթա» Գաֆիթերիայի դիմացը եւ անոր մօտ վայրեր հրթիռակոծուեցան: Այս մասին կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»-ը:
Միւս կողէ, քաղաքի կեդրոնը գտնուող Պըսթան Գըլափ վաճառախանութներու շրջանը եւս հրթիռակոծուեցան: Վերոնշեալ շրջանը 5 հրթիռներու (կազի տակարներ) թիրախ դարձաւ: Նշենք, թէ շրջանի վաճառախանութներէն շատերը կը պատկանին հայերու՝ հրթիռներէն մէկը ինկաւ արհեստաւորի մը խանութը, բայց բարեբախտաբար չպայթեցաւ, ուրիշ մը «Հարամ» ընկերութեան մօտ: Հրթիռակոծուեցան նաեւ Մոկամպօ, Թըշրին թաղամասը եւ այլն:
Արձակուած հրթիռներու պայթումին պատճառով արձանագրուեցան 8 զոհեր եւ 36 վիրաւորներ։
Յայտնենք, թէ պայթումները նիւթական ծանր վնասներ պատճառեցին շրջանի ինքնաշարժներուն, բնակարաններուն եւ խանութներուն։
Իսկ երէկ, Երկուշաբթի 17 փետրուարին, նոյնպէս Հալէպի Սըրիան ալ-Ատիմ շրջանին մէջ ինկած հրթիռներուն պատճառով արձանագրուեցան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.