2015-02-18 09:34:13

Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողիմէոս Ա.ի քառասնորդացի պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Յորդորներ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողիմէոս Ա.ի քառասնորդացի պատգամէն
Եղբայրներ եւ սիրեցեալ որդիներ ի Տէր,
Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս մեզ կոչած է սրբանալու։ Մեր Արարիչը կը ցանկայ՝ որ մնանք Իրեն հետ սերտ հաղորդութեան մէջ, վայելենք Իր շնորհքը եւ մասնակից դառնանք Իր սրբութեան։ Կեանք մը՝ ապրուած Աստուծոյ հետ՝ կը նշանակէ կեանք մը ապաշխարութեամբ եւ սրբութեամբ։ Իսկ Աստուծմէ հեռացումը մեղքն է, եւ կամ ՝ ՙսրտի չարիքը՚՝ ըստ Եկեղեցւոյ Հայրերու բացատրութեան։ ՙՄեղքը բնութեան մաս չի կազմեր, այլ չար արարքն է։՚ (Թէոդորեդոս Կիւրացի)
Սրբութիւնը Աստուծոյ մէկ յատկութիւնն է։ Ինչպէս մեր սուրբ Պատարագին մէջ կը դաւանինք՝ ՙվասնզի Ինքնդ է բաշխող եւ նոյն Ինքնդ բաշխի ի միջի մերում, միշտ անծախապէս՚, եւ ապա ՙի սրբութիւն սրբոց՚, կամ՝ ՙՄիայն սուրբ, Միայն Տէր, Յիսուս Քրիստոս ի փառս Աստուծոյ Հօր։՚
Աստուծոյ սրբութեան ՙնմանելու՚ ձգտումը իր նպատակին հասցնելու համար՝ Ուղղափառ Եկեղեցին՝ Սուրբ, Կաթողիկէ եւ Առաքելական՝ հաստատած է տարւոյն այս ժամանակաշրջանը, ուր յատուկ աղօթքով կը խնդրէ հոգւոյ եւ մարնմնի կիրքերուն խաղաղեցում։
Այս շրջանը՝ քառասնորդացը՝ Քրիստոսի ամենասուրբ Յարութեան պատրաստուելու ժամակամիջոց մըն է՝ կարենալ վայելելու համար Քրիստոսի սուրբ Յարութիւնը բոլոր սուրբերուն հետ միասին՝ անհատական սրբացումով։ Այս նպատակին կը հասնինք ապաշխարելով՝ Աստուծոյ եւ մարդոց առաջ։ Որովհետեւ ՙանօթ ենք կաւագործի ձեռքերուն մէջ՚՝ ամէն օր չարին ձեռքով փշրուելու վտանգի տակ։ Կ’ունենանք անկումներ եւ ապա կը կանգնինք կրկին։ Հետեւաբար՝ խոստովանինք մեր մարդկային անկատարութիւնը, մեր տկարութիւնը եւ մեր ոչնչութիւնը Աստուծոյ առաջ, ապաշխարելով իւրաքանչիւր ժամ, գիշեր ու ցերեկ՝ սրբացած սուրբ մկրտութեամբ՝ Քրիստոսի միջոցաւ, որ է ՙմիայն սուրբ միայն Տէր ի փառս Աստուծոյ Հօր։՚
Կոչ կ’ուղղեմ ձեզի եղբայրներ եւ որդիներ, կոչ՝ բոլոր Ուղղափառ հաւատացեալներուն, կղերին, կրօնաւորներուն եւ կրօնաւորուհիներուն, որ փոխենք մեր կեանքի ընթացքը՝ յատկապէս քառասնորդացի այս շրջանին։
Բոլորանուէր հոգիով սկսինք այս շրջանը, առանց տրտմութեան, այլ հրճուանքով եւ զուարթութեամբ, զինուած ՙսիրոյ շքեղութեամբ, եւ աղօթքի շողքով, ողջախոհութեան մաքրութեամբ եւ զօրութեան կորովով՚ եւ ընթանանք Տիրոջ հետ՝ աղօթելով, որ պահէ մեզ Իրմէ հեռանալու փորձութենէն։
Քառասնորդացը պատրաստութեան եւ ապաշխարութեան ժամանակ է, եւ այս շրջանին մեր խղճին ձայնը՝ ներքին եւ անճառ՝ մեր անհատական դատաստանն է։
Հետեւաբար՝ իւրաքանչիւրը պէտք է խաղաղութիւն գտնէ իր անձնական խղճով՝ հասնելու ապաշխարութեան՝ որպէսզի ՙխղճի կրակին մէջ մատուցնենք խորհդական ողջակէզ մը՚՝ զոհելով մեր կրքերը, մատուցանելով մեր անձը ընկերոջ՝ իբր սիրոյ զոհ՝ ինչպէս Տէրն ինքզինք կը զոհէ՝ աշխարհի կեանքին եւ փրկութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.