2015-02-18 09:47:52

Եգիպտոսի նախագահը Լիպիոյ մէջ միջազգային միջամտութեան որոշում կը պահանջէ.


ՄԱԿ-ի ` Ապահովութեան Խորհուրդը այսօր կը գումարէ Լիպիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի արտակարգ նիստ մը։
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր կը գումարէ արտակարգ նիստ մը` քննարկելու Լիպիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կարելիութիւնները: Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի երէկ արշալոյսին ուղղուած է Նիւ Եորք` Լիպիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ քայլեր առնելու գծով միջազգային աջակցութիւն ապահովելու ջանքով մը:

Շուքրի Նիւ Եորքի մէջ նախապատրաստական խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի մէջ Սէուտական Արաբիոյ, Յորդանանի, Պահրէյնի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպաններուն հետ` Ապահովութեան խորհուրդի նիստին նախապատրաստուելու ծիրին մէջ ռազմավարութիւն մը որդեգրելու համար:

Միւս կողմէ, Եգիպտոսի նախագահը երէկ ֆրանսական «Էօրոփ» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` որդեգրելու որոշում մը, որ Լիպիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարելու համար միջազգային դաշինքի մը կազմութեան լիազօրութիւն կու տայ: Ան ըսաւ, որ Լիպիոյ ժողովուրդին եւ կառավարութեան համաձայնութեամբ, ինչպէս նաեւ անոնց կողմէ Եգիպտոսին ուղղուած միջամտելու կոչերուն լոյսին տակ այլընտրանք մը գոյութիւն չունի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Եգիպտոս դարձեալ Լիպիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը պիտի հարուածէ՞` Սիսի ըսաւ, որ կացութիւնը կը պահանջէ այդ մէկը կատարել, եւ այդ ալ` հաւաքական կերպով:

Մինչ այդ, ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, եգիպտական ու լիպիական պատերազմական օդանաւեր Արեւելեան Լիպիոյ Տառնա քաղաքին մէջ դարձեալ հարուածած են ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը` ահաբեկչական խմբաւորման շարքերուն մէջ պատճառելով տասնեակներով մահեր:

Լիպիական օդուժի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Սաքըր Ժարուշի յայտնեց, որ, ըստ վերջին տուեալներուն, եգիպտական ու լիպիական պատերազմական օդանաւերուն նախապէս կատարած հարուածները ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն մէջ 150 մահ պատճառած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.