2015-02-18 09:36:08

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Արամ Ա Կաթողիկոսը ցաւակցագիր յղած են Ղպտի եկեղեցւոյ Պատրիարքին։


16 փետրուարին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցական գիր յղած է Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Թաւատրոս Բ.ին` Լիպիոյ մէջ ահաբեկիչներու կողմէ քսանմէկ ղպտիներու սպանութեան համար:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի եւ Մայր Աթոռի միաբանութեան անունով` Գարեգին Բ վշտակցութիւն յայտնած է ղպտիներուն, Եգիպտոսի ժողովուրդին եւ սպաննուածներուն ընտանիքներուն:
Դատապարտելով կատարուած ոճրագործութիւնը` Ամենայն Հայոց հայրապետը կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան` առաւել ջանքեր գործադրելու Միջին Արեւելքի մէջ արդարութեան եւ համերաշխութեան հաստատման համար, որպէսզի բացառուին բռնութիւնները այն շրջաններուն մէջ, ուր քրիստոնեաներն ու իսլամները դարեր շարունակ կ՛ապրին խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան մէջ:
Իս կարգին Արամ Ա Կաթողիկոս ցաւակցական ու զօրակցութեան նամակներ յղեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին եւ Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թաւատրոս Բ. պատրիարքին:
Վեհափառ հայրապետը ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք Եգիպտոսի ժողովուրդին, յիշեցուց ծայրայեղականութեան վտանգաւոր հետեւանքները` հաստատելով, որ անիկա շրջանին մէջ կը խաթարէ քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ համագոյակցութիւնը:
Թաւատրոս Բ. պատրիարքի ուղղած իր նամակին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս իր վշտակցութիւնը յայտնեց ղպտի եկեղեցւոյ 21 անմեղ զաւակներուն համար, զանոնք կոչելով 21-րդ դարու նահատակներ: Քրիստոնէական եկեղեցւոյ համար մարտիրոսները յատուկ տեղ կը գրաւեն, 21 ղպտիները, որոնք արեան նահատակութեամբ մկրտուեցան, պէտք է ամրապնդեն մեզ` մեր հաւատքին մէջ անսասան մնալու:








All the contents on this site are copyrighted ©.