2015-02-17 09:33:49

Ֆրանչիսկոս Պապը հեռաձայնային կապ հաստատած է Ղպտի օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք` Թաուատրոս Բ-ի հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի բանբեր` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի հրատարակած տեղեկութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Պապը` 16 փետրուարի յետմիջօրէին հեռաձայնային կապ հաստատած է Ղպտի օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Պատրիարք` Թաուատրոս Բ-ին հետ, անոր յայտնելու իր մասնակցութիւնը` Եկեղեցւոյ ցաւին, ի լուր 21 Ղպտիներու սպանութեան։
Սրբազան Հայրը ապա ապահոված է իր աղօթքները, զոհուածներու հոգիներուն, վստահեցնելով իր աղօթքի հոգեւոր միութիւնը նաեւ անոնց յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին։
Յայտնենք թէ ի լուր այս անմարդկային արարքին, Երկուշաբթի` 16 փետրուարի առաւօտեան, Սկովտիայի բողոքական եկեղեցւոյ մէկ պատուիրակութիւնը ընդունելուն ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը իր խոր կսկիծն ու ցաւը յայտնեց, 21 քրիստոնեայ ղպտիներու սպանութեան համար յայտնելով թէ ''Անոնք սպաննուեցան պարզապէս որովհետեւ քրիստոնեայ էին'', եւ թէ կարեւոր չէ ''եթէ անոնք կաթողիկէ, օրթոտոքս, ղպտի, կամ լուտերական են, անոնց արիւնը կը խոստովանի Յիսուսը։ Անոնք զոհուեցան Քրիստոսը դաւանելնուն համար'' ըսաւ Քահանայապետը ու խնդրեց զիրար քաջալերել այս համամիութեան մէջ որ է ''արեան համամիութիւնը''







All the contents on this site are copyrighted ©.