2015-02-17 09:48:33

Քառասնորդացը, վերադարձ դէպի անապատ


Անապատը շատ կարեւոր դիրք մը ունի Սուրբ Գիրքին մէջ, որովհետեւ նպատակ չէ քրիստոնեաներուս համար բայց պայման մըն է ատկէ ելլելու: Անապատին կը վերագրին Աստուծոյ ճանաչման կարեւորութիւնը քանի որ հրեաները ստիպուեցան անապատէն անցնելու իրենց գերութենէն ազատուելու համար, եւ անոր մէջն է որ կը կատարուի փրկչագործութեան պատմութիւնը, որուն հետ Աստուած ուզեց որ իր Իսրայէլի ժողովուրդը անցնի այն դժնդակ հողէն՝ մտնելու համար խոստացուած երկրին մէջ:
Աւետարանին մէջ յաճախ կը տեսնենք Յիսուսը որ անապատ կը նախընտրէր երթալ իր Հօր հետ աւելի մտերիմ ձեւով խօսելու եւ աղօթելու. այսպէսով անապատը դարձաւ Աստուծոյ հետ հանդիպումին նախընտրուած տեղը:
Ինչ՞ու համար անապատը դարձաւ կարեւոր տեղ մը Սուրբ Գիրքին մէջ: Որովհետեւ մեզի կը հասկցնէ էական եւ խորունկ տեղը՝ Աստուծոյ չքաւորութիւնը: Վաղուայ անվստահութիւնը եւ հեռու ապագային տեսարանները որուն կ'ուղղեն դէպի անոր որ պիտի ըլլայ մեր Փրկիչը:
Այս անցքով մենք կը մտնենք Քառասնորդացի շրջանին մէջ, մեր առջեւ ունենալով անապատին պատկերը որ մեզի պիտի տանի խորունկ աղօթքի եւ ապաշխարութեան եւ ծոմապահութեան:
Օր մոխրոցը մեզ կը հրաւիրէ դէպի յառաջ երթալու մեր հոգեւոր կեանքին մէջ եւ դառնալու դէպի մեզի, մեր էութեան եւ անձնական կեանքին: Հոն է որ կը գտնուի մեր վերադարձը դէպի անապատ եւ նոր պահեր ապրելու նորոգուած նուիրումին Աստուծոյ:
Այո սիրելիներ, մեր անապատին մէջն է որ Աստուած կը դառնայ մեզի կրթիչը եւ տէրը մեր կեանքին: Մենք կը գտնուինք շուարած դիրքերու մէջ՝ անգոհութիւն, չքաւորութիւն, տարակոյս, տխրութիւն, հիւանդութիւն, առանձնութիւն: Այս վայրկեաններուն մէջն է, որ Աստուած մեզմէ կը սպասէ որ Քրիստոսի վերադառնալու եւ ապաշխարութեան բռնելու եւ մանաւանդ Սուրբ Գիրքին հաւատալ» ինչպէս որ կ'ըսէր Բենադիկտոս Սրբազան Քահանայապետը: Մեր սրտերը բանանք եւ պատրաստ ըլլանք ընդունելու այս շնորհալի առիթը Քառասնորդացի, ուշադրութիւնը դնելով ապաշխարութեան եւ ներողամտութեան վրայ:
Մոխիրը մեր գլխուն վրայ դնելով ընդունինք որ մեծ գայլ մը ընելու ենք անցնելու այս անապատէն, հաւատքի աչքով անցնինք դէպի նոր աշխարհ որովհետեւ պայման մըն է հասնելու իսկական ուրախութեան եւ արքայութեան, միշտ մեր սրտերը լեցնելով յոյսով եւ աղօթքով:
Այս մոխիրով մենք կը խորասուզուինք Աստուծոյ սրտին մէջ, եւ մեզի կը յիշեցնէ այն աւետումը որուն միջոցաւ մենք ունեցանք շնորհքը քրիստոնեայ անունը կրելու:
Թող այս տարուայ Քառասնորդացը բանայ մեր առջեւ նորանոր հորիզոններ, մեզի օգնելու որ լաւագոյն ձեւով եւ ուրախութեամբ մտնենք արքայութեան ճանապարհին մէջ:
Եկեղեցին այսօր մեզի կ'ըսէ. «Օն յառաջ, վստահութիւն ունեցիր Աստուծոյ վրայ, աղօթէ, ապաշխարէ եւ բարիք ըրէ որպէսզի դուն ալ ունենաս անապատի ուրախութիւնը»: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.