2015-02-17 13:52:24

Մարոնի համայնքի Ռաի Պատրիարքի քառասնորդացի պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 16 փետրուարին, լոյս տեսաւ Մարոնի համայնքի Կարդինալ Ռաի Պատրիարքի քառասնորդաց շրջանի պատգամը, որուն մէջ Կարդինալը Լիբանանցի Քրիստոնեաներուն կոչ կ՝ուղղէ զօրակցութիւն ցուցաբերելու Լիբանանի մէջ գտնուող Սուրիացի գաղթականներուն հանդէպ։
՝՝Լիբանանի մէջ Մարոնիներն ու բոլոր քրիստոնեաներն, թող վեհանձնութեան եւ առատաձեռնութեան վկաները հանդիսանան՝ վտարուած եւ իրենց երկիրներէն տեղահան եղած Սուրիացիներու հանդէպ. այս եղաւ Ռաի Պատարիարքի յորդորն ու պատգամին կեդրոնական նիւթը։
Ռաի Պատրիարքի քառասնորդացի խորհրդածութեան ներշնչման աղբիւր հանդիսացած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի քառասնորդացի առթիւ գրած մտածականը, ուր՝ Նորին Սրբութիւնը հրաւէր կ՝ուղղէ բոլորին՝ ետ մղելու անտարբերութեան համաշխարհայնացումը՝ տառապող եղբայրներու հանդէպ՝ հաստատելով, թէ Աստուած անտարբեր չէ։
Կարդինալը Ռաի լայնօրէն կ՝անդրադառնայ Ֆրանչիսկոս Պապի քառասնորդացի խորհրդածութեան՝ ուր Ֆրանչիսկոս Պապը կ՝ընդգծէ, թէ Աստուած անտարբեր չի գտնուիր աշխարհին հանդէպ՝ այլ սիրեց աշխարհ մինչեւ որ Միածին Որդին ուղարկեց մարդու փրկութեան համար, աւեցնելով թէ Մարդեղութեան մէջ, երկրաւոր կեանքի ընթացքին, Աստուծոյ որդիին մահուամբ ու Յարութեամբ, Աստուծոյ ու մարդու միջեւ գտնուած դուռը վերջնականապէս կը բացուի։ Եւ եկեղեցին՝ նման է բազուկի մը, որ բաց կը պահէ սոյն Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ գտնուող դուռը՝ Աստուծոյ խօսքի հռչակումով եւ սուրբ խորհուրդներու մատակարարումով։ Աշխարհը փորձութեան կ՝ենթարկուի երբ՝ ան ինքնիր մէջ կը փակուի՝ Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ գտնուող դուռը փակ պահելով։ Հուսկ՝ հարկաւոր է Աստուծոյ ժողովուրդի վերանորոգման հրամայականը՝ որպէսզի անտարբեր չգտնուինք եւ խուսափիլ մենք մեր մէջ փակուելէն։
Կարդինալ Ռաի խորհրդածութեան աւարտին ակնարկելով Լիբանանի Գարիթասի բարեսիրական ձեռնարկներուն՝ ի սպաս գաղթականներուն, հրաւէր ուղղեց բոլոր Լիբանանցի հաւատացեալներուն վեհանձնօրէն մասնակցիլ Քառասնորդաց շրջանի գաղթականներու ի սպաս Գարիթասի կողմէ ձեռնարկուած դրամահաւաքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.