2015-02-16 11:58:48

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կսկիծն ու խոր ցաւը ի լուր 21 քրիստոնեայ ղպտիներու գլխատումին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 16 փետրուարի առաւօտեան, ընդունելով Սկովտիայի բողոքական եկեղեցւոյ մէկ պատուիրակութիւնը, Նորին Սրբութիւնը անոնց ուղղած խօսքին մէջ, խոր կսկիծ ու ցաւ յայտնեց ի լուր 21 քրիստոնեայ ղպտիներու գլխատումին։
Ներեցէք - ըսաւ Սրբազան Հայրը - որ իմ մայրենի լեզուովս կը խօսիմ յայտնելու իմ խոր ու տխուր զգացումներս։ Այսօր կարդացի 21, 22 ղպտի քրիստոնեաներու գլխատումի լուրը։ Անոնք կ՛աղաղակէին ''Յիսուս Օգնէ ինծի''։ Անոնք սպաննուեցան պարզապէս որովհետեւ քրիստոնեայ էին։ Մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն արիւնը աղաղակող վկայութիւն մըն է։ Ըլլան անոնք կաթողիկէ, օրթոտոքս, ղպտի, կամ լուտերական, կարեւոր չէ։ Անոնք քրիստոնեայ են եւ անոնց արիւնը միեւնոյնն է։ Արիւնը կը խոստովանի Յիսուսը։ Յիշենք մեր այս եղբայրները որոնք զոհուեցան Քրիստոսը դաւանելուն համար, ու կը խնդրեմ մէկը միւսը քաջալերել, յառաջ ընդանալու այս համամիութեան մէջ որ է արեան համամիութիւնը։ Մարտիրոսները բոլորն ալ քրիստոնեաներ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.