2015-02-16 12:02:39

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 16 փետրուարի գործունէութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 16 փետրուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց` Հաւատքի վարդապետութեան ժողովի կառավարիչ կարդինալ Կէրարտ Լուտվիկ Միւլէրը, ապա Սկովտիոյ բողոքական եկեղեցւոյ պատկան վերապատուելի Ժոն Շալմէրսը։ Հուսկ ՝Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ընդունեց Քարաքասի հրեաներու միութեան երբեմնի Րաբունապետ Փինքան Պրէնէր ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը որմէ ետք ընդունեց Սուրբ Պետրոսի Աթոռի ի սպաս ընկերակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը։
Պաշտօնական հանդիպումներու շարքին, կէսօրին` Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Թոնկայի թագաւոր Նորին վսեմութիւն Թուփու Դ. անոր կողակիցը՝ թագուհի Նանասիբաուահօ ու անոնց ընկերացող պատուիրակութիւն մը։
Իսկ յետմիջօրէին ժամը 2.45 ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, Ֆրանիչսկոս Պապը իր մասնակցութիւնը բերաւ ննջեցեալ կարդինալ Պէքէրի վերջին օծման արարողութեան։

Սկովտիոյ բողոքական վերանորոգում եկեղեցւոյ պատկան վերապատուելի Ժոն Շալմէրսի ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան հետ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը իր ուրախութիւնը յայտնեց հանդիպման առթիւ Սքովտիոյ բողոքական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն հետ բաժնեկցելու՝ Քրիստոնեաներու միութեան ի խնդիր Աւետարանի ծառայութեան յանձնառութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը` ակնարկելով ապա Սկովտիոյ մէջ եկեղեցիներու միութենական այժմէական կացութեան յայտնեց, թէ Տէրը մեզ կը հրաւիրէ որոնելու նոր եւ աւելի արդիւնաւէտ ձեւեր՝ գերազանցելու համար անցեալի նախապաշարումներն ու գտնելու հասկացողութեան եւ համագործակցութեան նոր կերպեր։
Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Հայրը իր խոր ցաւն ու վիշտը յայտնեց ի լուր Լիպիայի մէջ առեւանգուած 21 քրիստոնեայ ղպտիներու գլխատումին ու ապա խօսքը աւարտեց յարելով. թէ Քրիստոնէական հաւատքն ու վկայութիւնը կը գտնուին այնպիսի մարտահրաւէրնեու դիմաց, որոնք՝ կարելի է դիմագրաւել լոկ միասնական ուժերով, որպէսզի Քրիստոսի ճրագը հասանելի ըլլայ իւրաքանչիւրին՝ սրտերուն ու աշխարհի մէջ գտնուող խաւար բոլոր անկիւններուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.