2015-02-16 08:58:48

Մեծ Պահքի շրջանը Հայ Եկեղեցւոյ մօտ ։


Այսօրուընէ (16 փետրուար 2015) կը սկսուի Մեծ Պահքի շրջանը: Ան կը տեւէ 48 օր` Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Ս. Յարութեան (Զատկի) տօնի նախօրէն: Այս տարի Ս. Յարութեան տօնը պիտի նշուի Ապրիլ 5-ին:
Պահքի շրջանին կ՛օգտագործին բացառապէս բուսական ծագում ունեցող սննդամթերք: Պահքի ընթացքին կը հրաժարին ոչ միայն որոշակի կերակուրներէ, այլ նաեւ մոլի սովորութիւններէ, շատախօսութենէ, ստախօսութենէ, հայհոյանքէ եւ այլ մեղքերէ:
Կերակուրէն հրաժարիլը առանց մեղքէն ետ կանգնելու` անօգուտ է: «Սատանան միշտ պահքի մէջ է, ոչինչ չ՛ուտեր, բայց մեղք գործելէն չի դադարիր եւ չի յոգնիր», – կ՛ըսէ Ս. Գրիգոր Տաթեւացին:
Պահքի 40 օրը կը խորհրդանշէ անապատին մէջ Քրիստոսի քառասնօրեայ աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ապաշխարութեան շրջանը: Իր մկրտութենէն ետք Յիսուս «Հոգիով անապատ առաջնորդուեցաւ ու քառասուն օր փորձուեցաւ սատանայէն: Չկերաւ ու չխմեց այն օրերուն» (Ղուկ. 4:1-3): Յիսուս Իրեն ծոմապահութեան ենթարկեց մարդկային ցեղի փրկութեան համար, մարդկութեան փոխարէն Ինք ապաշխարեց, որպէսզի բոլոր պահեցողութիւն ընողներուն ապաշխարանքը իմաստ եւ իրականութիւն ստանան շնորհիւ Իր ծոմապահութեան: Քառասնօրեայ պահքին կը յաջորդէ պահքի եւս մէկշաբաթեայ շրջան` Աւագ շաբաթը: Այդ է պատճառը, որ քառասնօրեայ կոչուող պահքը 48 օր կը տեւէ:
Մեծ Պահքը այս տարի կը կիսուի Մարտ 11-ին եւ կը կոչուի միջինք: Պահքը այդ օրը չեն ընդհատեր: Պարզապէս ժողովրդական սովորութեան համաձայն` այդ օրր բաղարջէ պահքի գաթայ կը պատրաստեն:
Մեծ Պահքի շրջանին վաղնջական կանոններով կ՛արգելուէին պսակադրութիւնները եւ մատաղը:








All the contents on this site are copyrighted ©.