2015-02-16 12:13:48

Բժշկական անվճար զննում՝ Հայաստանաբնակ սուրիահայերու համար


“Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող Կեդրոն” հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, մէկ տարի է ի վեր շաբաթական մէկ օր յաճախականութեամբ, հայաստանաբնակ սուրիահայերու համար կ’իրականացուի բժշկական անվճար զննում։
Ըստ “Հայերն Այսօր”-ի՝ իւրաքանչիւր շաբաթ օր, առաւօտեան ժամը 11:00-էն մինչեւ կէսօրուան 13:00 սուրիահայ բժիշկներ՝ Ժան Պեշիլեան (մանկաբուժ),Կարօ Հաճնլեան (ակնաբուժ), Մակի Քէշիշեան- Հաճնլեան (ակնաբուժ), Յակոբ Թաներեան (ընդհանուր բժիշկ),Սուքիաս Պէրպէրեան (մաշկաբան) եւ երկու բուժքոյր՝ Լիլիթ Մարտիրոսեան եւ Լիլա Համամճեան, կամաւոր կերպով կը զննեն կեդրոն յաճախող հիւանդները՝ նշանակելով համապատասխան բուժումներ։ Նախապէս ծրագրին կ’աջակցէին նաեւ սրտաբան բժիշկներ Մերուժ Քէշիշեան եւ Գրիգոր Տարագճեան, որոնք այժմ կը գտնուին Հայաստանէն դուրս, սակայն շուտով (մէկ ամիս ետք), անոնք կը ժամանեն Հայաստան եւ դարձեալ կ’անցնին նոյն գործին:
Առ այսօր այս ծրագրի ծիրէն ներս բժշկական զննում անցուցած են 997 սուրիահայեր, ծրագիրը ոչ միայն շարունակուելու այլ մնայուն ըլլալու միտում ունի. “Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող Կեդրոն” հասարակական կազմակերպութեան տնօրէնուհի Տիկին Լենա Հալաճեան յայտնած է, որ կազմակերպութիւնը դիմած է ՀԲԸՄ-ին նոյն նպատակով մնայուն դարմանատուն մը հիմնելու առաջարկով, այպնէս ինչպէս Հալէպի մէջ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք հիմնուեցաւ հայերուն բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու դարմանատունը, այսօր նպատակայարմար է, որ նման դարմանատուն մը կառուցուի նաեւ Հայաստա մէջ”,- ըսաւ Տիկին Հալաճեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.