2015-02-15 09:05:36

Լիպիոյ ծայրայեղ մահմետականները առեւանգած են ղպտի 21 քրիստոնեաներ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Լիպիոյ ծայրայեղ մահմետականները գրաւած են Սիրթէ քաղաքը առեւանգելով եգիպտացի խումբ մը բանուորներ, որոնց շարքին` ղպտի 21 քրիստոնեաներ'' այս լուր կը հաղորդէ Եգիպտոսի արտգործ նախարարը ընդգծելով որ կառավարութիւնը մօտէն կը հրետուի հարցին ու առեւանգուած անհատներու ազատագրումի աշխատանքին։ Ծայրայեղ մահմետականները քրիստոնեաները կոչած են որպէս Եգիպտոսի խաչակիրներ։
Ծայրայեղ մահմետականները Լիպիոյ հեռուստատեսիլէն պատկերասփռած են անոնց պատկերները ու հաղորդած անոնց գլխատման դատավարութիւնը։ Քրիստոնեաներու պարագաները բողոքի ցոյց մը կազմակերպած են Գահիրէի մէջ պահանջելով անոնց ազատագրումը։
Նախագահի խորհրդատու Ահմէտ Թարամ` յայտնած է որ առեւանգուածները տակաւին ողջ են եւ կառավարութիւնը կ՛աշխատի զանոնք ազատագրելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.