2015-02-14 12:43:33

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամը 20 նոր Կարդինալներու անուանումին առիթով:`


''Կարդինալական պաշտօնը արժանապատուութիւն մըն է սակայն ոչ պատիւ''։
(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 14 փետրուարի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, քսան նոր Կարդինալներու անուանումի արարողութեան առիթով իր խօսքը ուղղեց յատկապէս կենդրոնանալով Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղուած առաջին նամակի ԺԳ գլխուն ընթերցուածին վրայ։

Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց, որ Կարդինալական պաշտօնը արժանապատուութիւն մըն է սակայն ոչ պատիւ մը։ Արդէն ''կարդինալ''բացատրութիւնը որ ստուգաբանօրէն կը նշանակէ ծխնի՝ կը բացատրէ այս պաշտօնի էութիւնը։ Ան կարեւոր ծառայութիւն մըն է ի նպաստ համայնքի շարժունակութեան։
Ուղղելով խօսքը Կարդինալներուն ան ըսաւ՝ դուք ծխնիի պարտականութիւնը ունիք. Կցուած էք կաթողիկէ եկեղեցիին, որ նախաթոռ դիրք կը բռնէ սիրոյ տիեզերական հաղորդակցութեան, ինչպէս կը յիշէ Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովը։
Եկեղեցւոյ մէջ որեւէ բարձր դիրք` կը բխի սիրոյ առաքինութենէն, կը գործէ սիրով եւ սէրը ունի իբր նպատակ։ Հռոմի Եկեղեցին պէտք է ըլլայ բարի օրինակ։ Նաեւ տեղական եկեղեցիները պէտք է գործեն սիրոյ առաքինութեամբ։
Սրբազան Պապը՝ Պօղոս Առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակին ՙսիրոյ օրհներգը՚ առաւ իբր ուղեցոյց Կարդինալներու ծառայութեան։ Հետեւելու համար Աստուածաշունչի այս խօսքերուն՝ մեր մայրը՝ Մարիամ թող օգնէ մեզի։ Աստուածածինը աշխարհին նուիրեց ՙբոլոր ճանապարհներուն լաւագոյնը՚՝ (Ա Կոր ԺԲ 31) Յիսուս` մարմնացեալ սէրը. թող մեզի օգնէ ընդգրկելու Աստուածաշունչի խօսքը եւ միշտ քալելու սիրոյ ճանապարհէն։ Օգնէ մեզի իր խոնարհ եւ գորովագութ մայրական կեցուածքով, որպէսզի սէրը, որ Աստուծոյ պարգեւն է՝ աճի հոն ուր կայ խոնարհութիւն եւ գուրգուրոտ սիրտ։
Ս. Պօղոս մեզի կ’ ըսէ` թէ ՙՍէրը համբերող է եւ քաղցրաբարոյ՚։ Ինչքան անհատի մը պատասխանատուութիւնը եկեղեցւոյ մէջ կը բարձրանայ, այնքան պէտք է այդ անհատին սիրտը ընդլայնի, միշտ աւելի ընդգրկելով Քրիստոսի սէրը եւ նմանելով Քրիստոսի սիրոյն։
Համբերող ըլլալ կաթողիկէութեան հոգէ՝ այսինքն գիտակցիլ սիրոյ գերազանցելով սահմաններ, եւ միաժամանակ հաւատարմութիւն ունենալ իւրայատուկ պարագաներու, եւ ցուցաբերել կեցուածքի յստակութեամբ։
Սիրենք այն ինչ որ մեծ է՝ առանց անտեսելու փոքրագոյնը։ Սիրենք այն ինչ որ փոքր է՝ միշտ մեծի հեռանկարով, որովհետեւ՝ ինչպէս գրուած է Ս. Իգնատիոս Լոյոլացիի տապանաքարին վրայ՝ ''Թող մեծագոյնը մեզ չպարտադրէ, որովհետեւ սահմանափակուիլ փոքրագոյնին մէջ՝ աստուածային իրականութիւն է''։
Պէտք է սիրել բարեգործութեան արարքներ ցուցաբերելով։ Բարեգործութիւնը առաջադրանքն է՝ միշտ բոլորին բարիք կամենալ, նաեւ անոնց՝ որոնք մեզի բարիք չեն կամենար։
Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ ապա Կորնթացիներու նամակի ընթերցուածին յորդորներուն՝ ուր առաքեալը կը գրէ՝ ՙսէրը չի նախանձիր, իր բարիքը չի փնտռեր, չամբարտաւանանար եւ չի գոռոզանար՚։
Այս է Սիրոյ հրաշքը, որովհետեւ մենք բոլորս, ըլլալով մարդ արարած, մեր բնութեամբ վիրաւորուած մեղքէն՝ կը միտինք նախանձի եւ ամբարտաւանութեան։
Նաեւ եկեղեցական իշխանաւորները այս փորձութենէն զերծ չեն։ Եւ ճիշտ ասոր համար պէտք է մեր մէջ միշտ աւելի աճի սէրը, եւ հասնի այն աստիճանի, որ ոչ թէ մենք ապրինք, այլ Քրիստոս ապրի մեր մէջ։
Առաքեալը կը շարունակէ՝ ՙսէրը անվայել վարմունք չունենար, իր շահը չի փնտռեր՚։ Բարկութեամբ չի գրգռուիր, չար բան չի խորհիր։ Անիրաւութեան վրայ չուրախանար այլ կ’ուրախանայ ճշմարտութեան վրայ։ Ամէն բանի կը դիմանայ, ամէն բանի կը հաւատայ, մշտապէս յոյս կը տածէ, ամէն բանի կը համբերէ։՚
Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր պատգամը յորդորելով՝ որ Սուրբ Հոգիով լեցուած Կարդինալները ըլլան հեզ եւ գործեն հեզութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.