(Ռատիօ Վատիկան) Քսան նոր կարդինալներու ստեղծումով կարդինալական դասը
ունեցաւ 227 կարդինալներ, որոնցմէ 125-ն Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալ` մինչ
102-ը վաստակաւոր եւ ոչ ընտրող կարդինալ։ Նոր նշանակուած Կարդինալներէն չորսն կրօնաւորական
միաբանութեան մը կը պատկանին եւ անոնց ստեղծումով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր քահանայապետութեան
շրջանին նշանակած կ՛ըլլայ 39 նոր կարդինալներ, 19-ն անցեալ տարի (2014-ին) եւ 20-ը այս
տարի` 2015։ Եւրոպական ցամաքամասը ունի ամենէ մեծաթիւ կարդինալները 118- ը, որուն
կը յաջորդէ հիւսիսային ամերիկան` 27 կարդինալ եւ հարաւային ամերիկան իր 26 կարդինալներով։
Ասիայի ցամաքամասը ունի 22 կարդինալ, Ափրիկէն 21, կեդրոնական ամերիկան 8 եւ Ովկիանեան
5։