2015-02-14 12:26:32

Երեք երանելիներ Սուրբերու Դաս կը բարձրանան. Սրբադասման արարողութիւնը 17 Մայիսին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 14 փետրուար 2015ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած կարդինալական սովորական հանրային ժողովին աւարտին, որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կողմէ նշանակուած 20 նոր կարդինալներուն յանձնուեցաւ Կարդինալական գդակը մատանին ու կարդինալական պատուական տիտղոսը, տեղի ունեցաւ նոր Սուրբերու հռչակման քուէարկութիւնը` որուն ընթացքին Սուրբերու դասին բարձրացան հետեւեալ երանելիները.

Ա - Երանելի Ճովաննա Էմիլիա Տէ Վիլլնէօվ։ Ծնած է Ֆրանսայի Թուլուզ քաղաքին մէջ, 1811-ին ու մահացած է քոլէրայի հիւանդութեան պատճառաւ, 2 հոկտեմբեր 1854-ին։ Եղած է հիմնադիրը Քասդրի Անարատ Յղութեան իգական միաբանութեան որուն առաքելութիւնն է հոգալ ու դաստիարակել աղքատ աղջնակները, նուիրուիլ հիւանդներու հոգատարութեան եւ հեռու երկիրներու մէջ առաքելութեան։ Երանելի հռչակուած էր Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի օրով 2009 թուականին։
Բ - Երանելի Մարիա Ալֆոնսինա Տանիլ Ղաթթաս։ Ծնած է Երուսաղէմ 1843-ին, 15 տարեկանին մաս կազմած է Յայտնութեան Սուրբ Յովսէփի քոյրեր միաբանութեան իր կեանքը նուիրելով երիտասարդներու եւ քրիստոնեայ մայրերու ծառայութեան ի սպաս։ Հիմնած է Երուսաղէմի Սուրբ Վարդարանի քոյրերու միաբանութիւնը։ Իր մահկանացուն կնքած է 1927-ին եւ երանելի հռչակուած է Պենետիկտոս ԺԶ օրով 2009-ին։
Գ - Երանելի Մարիա Տէ Ճեզու Քրոչիֆիսսօ` ծնեալ Նազարէթի մօտ Ապելլին գիւղաքաղաքին մէջ 1846-ին։ Մկրտութեան խորհուրդը ստացած է Յոյն Մելքիդ եկեղեցւոյ մօտ։ Ֆրանսա փոխադրուելով անդամակցած է բոկոտն Քարմելիթան միաբանութեան եւ առաքելութեան ուղարկուած Հնդկաստան ու ապա Բեթղեհէմ ուր կնքած է իր մահկանացուն 1878-ին։ Երանելի հռչակուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի օրով 1983-ին։
Երեք նոր սուրբերու սրբադասման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 17 մայիս 2015-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.