2015-02-14 10:40:58

Աշխարհի 31 երկիրներու բնակչութեան մեծամասնութիւնը 1915-ին Հայերուն նկատմամբ կատարուածը որակած է Ցեղասպանութիւն։


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ «ֆաունտէյշընշոա» հիմնարկի կայքի եւ Քաղաքական նորարարութիւններու միջազգային հիմնադրամի կատարած հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ աշխարհի 31 երկիրներու բնակիչներուն 70 առ հարիւրէն աւելին, ներառեալ` Թուրքիոյ բնակչութեան 33 առ հարիւրը համաձայն է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման:
«Գալիք յիշողութիւնները» աշխատութեան մէջ հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, 31 երկրի բնակչութեան 70 առ հարիւրէն աւելին 1915-ին Երիտասարդ թուրքերու կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուածը որակած է ցեղասպանութիւն:
Աշխատութեան մէջ տպագրուած նիւթը եւ ուսումնասիրութիւնները կ՛առնչուին նախորդ դարուն տեղի ունեցած տագնապներուն, ողբերգական դէպքերուն, ներառեալ` առաջին եւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմներուն:
Տարբեր հարցերու շուրջ, ներառեալ` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հարցախոյզը կատարուած է Գերմանիոյ, Աւստրալիոյ, Աւստրիոյ, Պելճիքայի, Քանատայի, Չինաստանի, Խրուաթիոյ, Դանիոյ, Սպանիոյ, Էսթոնիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆինլանտայի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Հունգարիոյ, Հնդկաստանի, Իսրայէլի, Իտալիոյ, Ճափոնի, Լաթվիոյ, Լիթուանիոյ, Հոլանտայի, Լեհաստանի, Չեխիոյ, Ռումանիոյ, Բրիտանիոյ, Ռուսիոյ, Սերպիոյ, Զուիցերիոյ, Թուրքիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ:
Հարցախոյզին եւ ուսումնասիրութիւններուն մասնակցած են վերոնշեալ երկիրներէն 16-29 տարեկան երիտասարդներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.