2015-02-13 13:32:22

Սպանիայի Ռատիոյի Ակատեմեայի միջազգային մրցանակը Ռատիովտականին։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Երիտասարդներն ու Ռատիոն` ձայնասփիւռը'' այս է նիւթը 2015-ի Ռատիոյի համաշխարհային օրուան, որ կը զուգադիպի 13 Փետրուարին։
Ռատիոն կը մնայ հաղորդակցութեան կամուրջ մը աշխարհի մէջ, հետը բերելով բարգաւաճում հեռաւոր ու կղզիացած մարդոց։ Այդ իմաստով ոչ մէկ հաղորդակցութեան միջոց այդ կարողութիւնը ունի` հասնելու ժողովուրդներու ու բազմազան մշակոյթներու։
Ռատիոյի կաթողիկէ համաշխարհային ընկերակցութեան գնահատումով `13 Փետրուարը բարեպատեհ առիթ մըն է տօնախմբելու Ռատիոյի կարեւորութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ։
Ռատիոյի համաշխարհային չորրորդ օրուան առթիւ, Սպանիայի Ռատիոյի Ակատեմեան, Ռատիոյ Վատիկանին կը շնորհէ իր իւրայատուկ միջազգային մրցանակը։ Տուչութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մատրիտ` Սպանիայի մայրաքաղաքին մէջ որուն առթիւ Ռատիովատիկանի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին լսատեսողական պատգամ մը պիտի յղէ։ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.