2015-02-13 10:14:50

Ահաբեկչութեան զոհերուն ի սպաս արիւնի պահանջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Իրաքի Քիրքուք թեմի առաջնորդը գերապայծառ Եուսիֆ Թոմաս Միրքիս քարոզչութիւն կը կատարէ, արիւն նուիրելու, ծայրայեղ մահմետականներու թիրախ զոհերուն եւ քիւրտ մարտիկներուն ի սպաս։ Այս վերջինները քաղաքը կը պաշտպանեն ՏԱՀԵՇ-ի նախայարձակումներու դէմ։
Գերապայծառը, անցեալ երեքշաբթի 2 փետրուարին, յատուկ կեդրոն մը բացած է Յիսուսի Ս. Սրտի աթոռանիստ եկեղեցւոյ կից եւ հանդիսացած է առաջին արիւն նուիրողը։
Այս նախաձեռնութեամբ գերապայծառ Միրքիս ուզեց հրապարակաւ յայտնել իր զօրակցութիւնը բոլոր այն զինուորներուն, որոնք իրենց կեանքը կը նուիրեն քաղաքի պաշտպանութեան համար։
''Արեան նուիրատուութեամբ կ’ուզենք յայտնել մեր միութիւնը, սնած Աստուծոյ սէրէն'', ըսած է գերապայծառը։
Նշենք, որ անցեալ 30 Յունուարին իսլամ պետութեան զինուորները փորձած են յարձակում կատարել Քիրքուք քաղաքին դէմ, սակայն քիւրտ զինուորները կարողացած են դիմադրել ու հեռացնել զանոնք։ Քիրքուքը կը նկատուի ռազմավարական քաղաք մը քարիւղի հարստութեան համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.