2015-02-12 09:10:46

Հայ ձեռագրի պատմութեան ուղիին վրայ


Գրչագիրներու աշխատանքի պայմանները
Հ. Արիստակէս Վարդանեան մեծ գնահատանք կը յայտնէ գրչագիրներու տարած աշխատանքի նկատմամբ։ Անոնց աշխատանքի պայմաններուն նուիրուած իր գրքոյկին մէջ ան կը գրէ՝ՙՁեռագրական ուսումնասիրութիւններու պահուն գրչագիրներու հանդէպ չափազանց խստապահանջ վերաբերումի աններելի յանցանքը չգործելու համար հայ բանասէրը անհրաժեշտ է որ միշտ աչքի առաջ կենդանի պահէ տառապանքի այս պատկերը ու միայն խոր երախտագիտութեան անկեղծ արտայայտութիւնը բերէ հայ գրականութեան բազմաչարչար այս վկաներուն, որոնք հաստաբեստ քարերն են կազմած հինգերորդ դարու ափերէն քսաներորդ դարու ափերը ձգուած քաղաքակրթութեան հոյակերպ կամուրջին, որուն վրայէն դարերու ընթացքին հայ գրականութիւնն է որ տողանցած է պերճափայլ ու հասած մեզի համեմատաբար աննշան կորուստներով ու անկարեւոր այլափոխումներով։ Չափազանց համեստութենէ մղուծ գրչագիրներն իրենք զիրենք կոչած են անարդարօրէն՝ անարուեստ, անիմաստ, անհմուտ, անպէտ, ապիկար, բթամիտ, զառամեալ, թերավարժ, խաւարամիտ, հէք, նուաստ, ողորմելի, սխալամիտ, ստանուն, վատթար, տխմար, տրուպ, փանաքի, փծուն եւ փցնամիտ. Իրականին մէջ սակայն եղած են անոնք հայ քաղաքակրթական զարգացումին միակ անհրաժեշտ ազդակները։՚
Գրչութեան մէջ, ինչպէս յիշեցինք՝ եղած են աղաւաղումներ եւ սխալներ՝ ոչ միշտ արտաքին պայմաններու ազդեցութեան տակ, այլ նաեւ գրիչներու թերի կամ ընդհանրապէս բացակայ պատրաստութեան պատճառով։
ԺԲ. դարուն Արիստակէս Գրիչ անդրադառնալով այս հարցին՝ պատրաստած է երկ մը ՙՎերլուծութիւնք բացերեւապէս բազմազան բառից եւ բայից յոքնախումբ շարադրութեամբ արարեալ զսա Արիստակէս Գրչի, ի խնդրոյ բազմաց յարհեստ գրչութեան՚ խորագրով։ Այս երկը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն է՝ պատրաստուած է գրչութեան արուեստի նուիրուողներու խնդրանքին ընդառաջելով, ինչպէս հեղինակը կը յիշէ տիտղոսին մէջ։ Արիստակէսի նպատակն էր՝ վերացնել գրութիւններու մէջ մեծ թիւով երեւան եկող աղաւաղումները եւ սխալ գրչագրութիւնները։ Այդ աղաւաղումները, ինչպէս կը յիշէ հեղինակը՝ կատարուած են անվարժ եւ անհանճար գրիչներու կողմէ։ Ասոր հետեւանքն է, որ բարդ բառերու եւ տառերու նշանակութիւնները անյայտ կը մնան ընթերցողին, կարծես խորասոյզ ծածկուած ըլլային կարծր ժայռի տակ։
Լեւոն Խաչերեան մեծ հայագէտը՝ Արիստակէս Գրիչի երկի մասին կը գրէ հետեւեալը՝ ՙՀեղինակը ընդգծելով իր աշխատութեան կարեւորութիւնը ու օգտակարութիւնը հայերէնագիտութեան համար, քննադատում է այն թեթեւաբարոյ եւ համբակ գրիչներին, որոնք արհամարհական վերաբերմունք են ցուցաբերում հայերէնի ուղղագրութիւնը ուսումնասիրելու եւ ընդհանուր համակարգի բերելու փորձերի նկատմամբ։ Պախարակելով այդպիսիներին, նրանց հակադրում է մեր առաջին թարգմանիչներին, որոնք թողնելով Բիւզանդիոնը, գնում էին Աթէնք՝ հռետորութեան եւ քերականագիտութեան մէջ հմտանալու նպատակով։ Միւս կողմից՝ խորապէս համոզուած լինելով իր կատարած գործի վեհութեան եւ ճշմարտացիութեան մէջ, գտնում է, որ նոյնիսկ անգիտակցաբար իրեն ծաղրել ցանկացողները եթէ մի պահ ճիգ գործադրեն ըմբռնելու գրչութեան արուեստի դերն ու նշանակութիւնը, ապա մինչեւ անգամ այդպիսիք կը պապանձուեն եւ իրենց լռութեան կը դատապարտեն։՚
Արիստակէս կը գրէ նաեւ՝ ՙշատեր պիտի ծաղրեն այն գրութիւնները որ այս երկին մէջ հաւաքուած են, ինչպէս ծանօթ է մեր ազգին ունեցած հպարտութիւնը եւ գորոզութիւնը։՚
Արիստակէս Գրիչի այս երկը, որ ծանօթ է նաեւ իբր հայերէնի առաջին ուղղագրական բառարանը, հիմը դրաւ գրչութեան արուեստի քերականական տեսութեան զարգացումին եւ ամբողջացումին։
Հ. Յակոբոս Տաշեան, որուն կոթողային աշխատանքին այս հաղորդաշարի սկիզբը արդէն անդրադարձանք, 1898ին հրատարակած է գրքոյկ մը, որուն խորագիրն է՝ ՙԱկնարկ մը Հայ Հնագրութեան վրայ՚։ Հոն Հ. Տաշեան կը քննարկէ հայերէն գրչութեան մէջ տառերու զարգացումը՝ Մաշտոցի ժամանակէն մինչեւ մատենագրութեան նոր ժամանակաշրջանները։
Հ. Տաշեան այդ հրատարակութեան մէջ կը գրէ՝ ՙԳրչութիւնն այնպէս զարգացած կը գտնենք գրեթէ ամէն երկաթագիր (գլխագիր կամ միջինմեսրոպեան) մատեաններուն մէջ, որ պէտք ենք ընդունիլ անոնց գրիչներուն առաջնակարգ գեղագիր արուեստաւոր ըլլան։ Բայց ճարտար գրիչ չի ծնանիր մարդ։ Եւ գրչութիւնն այնպիսի եւ ձեւերու այն միօրինակ կատարելութեան հասցընելու համար՝ անհրաժեշտ էին մշտատեւ վարժութիւնք եւ ուսում կամ կրթութիւն։ Արդէն ձեռագիր յիշատակարանաց մէջ շատ յաճախ կը հանդիպինք գովութեանց այն վարդապետաց, որոնց քով ուսած էր այս կամ այն գրիչն իւր գրչութեան արուեստն։ Օրինակի համար՝ բազմաթիւ անձանց մէջ մին միայն յիշելու համար՝ Թովմաս Մեծոփեցի պատմագիրը կը յիշուի իբրեւ գրուսոյց եւ տածիչ գրչութեանց։ Գրչութեանց՝ ինչպէս նաեւ այն ժամանակներն ընդհանրապէս որեւէ կրթութեան՝ կենդրոններն էին գլխաւորաբար վանքերը։՚







All the contents on this site are copyrighted ©.