2015-02-12 08:46:53

Եգիպիպտական փաստաթուղթերը կը բացայայտեն թուրքերուն կողմէ հայերու դէմ կատարուած ջարդերը։


Եգիպտոսի մէջ հրատարակուող նշանաւոր թերթի թղթակից Մուհամմատ Ալ-Լէյթին Հայոց ցեղասպանութեան մասին հարցազրոյց մը ունեցած է Գահիրէի համալսարանի փրոֆեսոր` Դոկտ. Մուհամմատ Րիֆաաթին հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը:
Այս հարցազրոյցին մէջ Դոկտ. Րիֆաաթ կը բացայայտէ Եգիպտական օրաթերթերուն մէջ տպագրուած Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին հանդէպ գործած ոճիրը, սկսած 19-րդ դարու վերջերէն մինջեւ 1915 թուականի ցեղասպանութիւնը:
Ան կը նշէ, որ կան Օսմանեան կայսրութեան մէջ Եւրոպական երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներու կողմէ ուղարկուած միլիոնաւոր փաստաթուղթեր, իրենց արտաքին գործոց նախարարներուն, ուր բացայայտ կերպով ժամ առ ժամ ներկայացուած են հայերուն հանդէպ հալածանքներն ու բռնութիւնները, առեւանգումներն ու բռնաբարումները, ջարդերն ու կոտորածները;
Ինչպէս միւս Արաբական երկիրներուն, այնպէս ալ Եգիպտոսի մէջ կան բազում հազարաւոր փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն թուրքերուն գործած ոճիրը, բազմաթիւ են այն օրաթերթերը, որոնք oրը-օրին նշած են հայոց կոտորածները, որոնք աւարտեցան 1915 ի ցեղասպանութեան արհաւիրքով: Բաւական է միայն թղթատել նշանաւոր Ալ-Ահրամ օրաթերթի 5 Օգոստոս 1876-էն մինչեւ Լոզանի Դաշնագիրի 1923-ի թիւերը, եւ այնտեղ տեսնել ու ընբռնել հայերու հանդէպ իրագործուած մեծ աղէտը: Այս թերթի ազատատենչ յօդուածագիրները այնտեղ բարձրաձայնած եւ բնութագրած են, այդ անմարդկային արարքները հայ ժողովուրդին հանդէպ, որ ոչ միայն համապատասխան չեն Իսլամ կրօնքին այլեւ դատապարտելի են անոնց կողմէ: Չմոռնալ նաեւ, որ Եգիպտոսի Ալ-Ազհար սրբակեդրոնը դատապարտած էր 1909-ի հայերու կոտորածները;
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ թրքական կառավարութիւնները ինչպէ՞ս փորձած են թաքցնել Հայոց ցեղասպանութեան հարցը, Դոկտ. Րիֆաաթը կ’ըսէ որ սկիզբէն իսկ 1919-ին Թուրքիոյ կառավարութիւնը ինքը ճանչցած է հայերուն դէմ կատարուածը, Իթթիհատ Ուալ-Թարաքի կուսակցութեան պարագլուխներու դատավարութեան ժամանակ. եւ այս խոստովանութիւնը հրատարակուած է Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնաթերթ (Թաքուիմէ Վաքայիըի)-ի 22- Յուլիս1919-ի յաւելուածին մէջ. սակայն անկէ ետք թրքական իրարայաջորդ կառավարութիւնները գործադրեցին հսկայական ջանքեր թաքցնելու այդ ոճիրը, թրքացնելով հայոց հողերն ու հրաշքով փրկուած իրենց հողերուն վրայ մնացած հայերը:
Դոկտ. Րիֆաաթ շարունակելով կ’ըսէ, թէ 1894-96-ին համիտեան ջարդերէն փրկուած բազմաթիւ հայեր հիւրընկալուեցան Եգիպտոս, անկէ յետոյ 1915-ի Սեպտ. 15-ին Փոր Սայիտ նաւահանգիստին մէջ Եգիպտոսը դիմաւորեց մօտ 4500 Մուսալեռցի հայեր, որոնք դիմադրելով թրքական բանակը կրցած էին փրկուիլ եւ ֆրանսական նաւով մը հասնիլ Եգիպտոս, չմոռնալ նաեւ, որ 1924-ին Եգիպտոսի վարչապետ Սաատ Զաղլուլի հրամանով ընդունուեցան 1000 հայեր, որոնք ճակատագիրի բերումով հասած էին Երուսաղէմ եւ Յունաստան, եւ ցանկութիւն ունէին միանալու Եգիպտոսի մէջ ապրող իրենց հարազատներուն:
Իսկ այն հարցին թէ ինչպիսի անդրադարձ կ’ունենայ Թուրքիոյ վրայ Եգիպտոսի Ճանաչումը Հայոց ցեղասպանութեան, Դոկտ. Րիֆաաթ կ’ըսէ, թէ անկասկած որ ան դժոխքի դռները պիտի բանայ Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ, երբ ուրիշ արաբական եւ իսլամական պետութիւններ առաջնորդուելով իրենց աւագ եղբօր քայլին նաեւ ճանչնան ցեղասպանութիւնը, քանի որ ան մեծ ամօթանք մըն է իսլամական աշխարհին համար, որուն պատճառը եղած են Թուրքիոյ վարչակազմերը: Այդպիսով բոլոր իրաւազրկուած ժողովուրդներուն համար, պիտի բացուի հատուցման ճամբան: Նաեւ որ Թուրքիոյ առջեւ պիտի փակուի Եւրոմիութեան միանալու դռները:
Հարցազրոյցի աւարտին Դոկտ. Մուհամմետ Րիֆաաթ կոչ կ’ուղղէ Եգիպտոսի կառավարութեան օր առաջ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ կ’ուղղէ բոլոր պատուախնդիր պատմաբաններուն կազմելու փաստագրական յանձնախումբ մը, ուր կը բացայայտուին թրքական կառավարութիւններուն կատարած բռնութիւնները ժողովուրդներուն եւ թուրք ազատամիտ մտաւորականներուն հանդէպ , ինչպէս նաեւ բացայայտելու թուրք Իզրայէլական կապերը եւ դաւադրութիւնները Եգիպտոսի դէմ: Վերջ ի վերջոյ կոչ կ’ընէ Գահիրէի համալսարանի տնօրինութեան, վերաբանալու հայագիտութեան ամպիոնը, որ ցաւօք սրտի փակուեցաւ նախկին վարչակազմի օրօք Թուրքիոյ թելադրանքով, որովհետեւ վայել չէ Միջին Սրեւելքի ամենահին համալսարանին, չունենալ նման ամպիոն:








All the contents on this site are copyrighted ©.