2015-02-11 09:19:53

Այսօր տօնն է Լուրտի Տիրամօր


(Ռատիօ Վատիկան) Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս մասնաւոր տեղ կը գրաւեն Աստուածամօր երեւումներու որոշ վայրեր, ինչպէս՝ Լուրտը ու ֆաթիման։Երեւումը յայտնութիւնն է Աստուծոյ, կամ հրեշտակներուն կամ սուրբերուն, այս պարագային Աստուածամօր։
Բիրենեան լեռներու ստորոտը 1858-ին ''Լուրտը'' 5000 բնակչութիւն ունեցող աննշան քաղաք մըն էր։ Սոյն տարուայ 11 փետրուարին, Պեռնատէթ անունով աղջնակ մը` Մասապիելի քարայրին առջեւ, կը տեսնէ Սպիտակ Զգեստով Տիկինը՝ որ Վարդարան կ՛աղօթէ։
14 փետրուարէն մինչեւ 4 մարտ տեղի կ՛ունենան 14 երեւումներ, իսկ 25 մարտին Տիկինը կը յայտնէ իր ինքնութիւնը ''Անարատ Յղացեալ''։1862-ի 18 յունուարին՝ քննիչ յանձնախումբը կու տայ որոշումը, ընդունելով՝ ''Երեւումներու Վաւերականութիւնը''։1966-ին՝ կը մատուցուի առաջին պատարագը եւ 1871-ին կը կատարուի ''Անարատ Յղութեան Եկեղեցւոյ'' օծումը։
Պերնատէթ Սուպիրու ծնած էր 1844-ին։Հիւանդոտ, գրեթէ անուս, սակայն մաքուր հոգի մըն էր ան, ատակ` ունկնդրելու եւ փոխանցելու՝ ''Աստուածային պատգամը''։ Երեւումներէն ետք, ան կը քաշուի վանք ու կը նուիրուի կրօնաւորական կեանքին։ Կը վախճանի 1879-ին եւ կը սրբադասուի 8 դեկտեմբեր 1933-ին՝ Անարատ Յղութեան տօնին օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.