2015-02-10 12:04:59

Վերջ գտաւ Երեխաներու պաշտպանութեան ի խնդիր քահանայապետական յանձնախումբի խորհրդաժողովը:


(Ռատիօ Վատիկան) Վերջ գտաւ Երեխաներու պաշտպանութեան ի խնդիր, քահանայապետական յանձնախումբի եռօրեայ խորհրդաժողովը (6-9 Փետրուար 2015)։ Խորհուրդի բոլոր անդամները առաջին անգամուան համար մասնակցեցան լիանիստ ժողովին, թիւով 17 հոգիներ։
Անոնք գոհունակութեամբ անդրադարձան ցայժմ արձանագրուած յառաջդիմութիւններու, Եկեղեցւոյ մէջ, երախաներու պաշտպանութեան ու պահպանութեան ի խնդիր։
Լիանիստ ժողովին ընթացքին անդամները ներկայացուցին իրենց տեղեկագրերը եւ յայտնեցին իրենց յանձնառութիւնները հայող խորհուրդի պաշտօնական կառոյցին եւ նոր առաջարկներ համադրեցին զանոնք Սրբազան Քահանայապետին բերկայացնելու համար։
Յանձնախումբը նաեւ յատուկ աղօթքներ կը պատրաստէ Երախաներու պաշտպանութեան ի խնդիր աղօթքի օր մը յատկացնելու դիտաւորութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.