2015-02-10 08:30:37

Թալէաթ Փաշայի զեկոյցը Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ


Թրքական արխիւներու կողմէն վերջերս հրապարակած փաստաթուղթերը Թալէաթ փաշայի անձնական թղթերու հետ միասին կ’ապացուցեն, որ ան իսկապէս Հայոց ցեղասպանութեան “ճարտարապետն” էր: Այս մասին կը գրէ կայքը` յղում կատարելով Գանատայի “Հորիզոն” շաբաթաթերթին:

Ըստ արձանագրոյթուններու` ինք հրամայած էր իրականացնել 1915-16թթ. Օսմանեան կայսրութեանք մէջ հայերու տեղահանումը եւ ուշադիր հետեւած է անոնց իրականացման: Թալէաթին կը զեկուցէին տեղահանման տարբեր փուլերու, ինչպէս նաեւ յատուկ վերաբերումի արժանացածներու ճակատագրերու մասին:

Հակառակ անոր, որ Օսմանեան կայսրութեան վերաբերող նիւթերու մեծ մասը դեռ թրքական արխիւի մէջ է, արդէն հասանելի արձանագրութիւնները ցոյց կու տան, որ Օսմանեան տեղահանութիւնները ընդամէնը կը շղարշէին հայերու ոչնչացումը:

Մասնաւորապէս պարզ կը դառնայ, որ այսպէս կոչուած հայերու վերաբնակեցման գօտիի մէջ 100.000-էն նուազ հայ կենադանի մնացած էր: Ըստ Հայոց ցեղասպանութեան մասին Թալէաթի զեկոյցի` Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու մեծ մասը անհետացած էր 1915-1917թթ., կամ ալ ձուլուած ու ցրուած Օսմանեան տարբեր շրջաններ:

Թալէաթ փաշայի` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ զեկոյցը եղածներէն առաւել պաշտօնական տեսակէտն է: Զեկոյցը, անկասկած, պատրաստուած էր Թալէաթ փաշայի անձնական օգտագործման համար եւ բնաւ պիտի չհրապարակուեր եւ, հաւանաբար, մինչեւ այժմ գոյութիւն ունի, քանի որ Թալէաթը սպաննուեցաւ 1921թուականին, իսկ անոր այրին զեկոյցը փոխանցեց թուրք պատմաբանի մը, եւ վերջինս զայն տպագրեց: Նոյնիսկ թրքական արխիւը առ այսօր նման որեւէ արձանագրութիւն չէ հրապարակած, 1917թ. զեկոյցի մէջ ներկայացուած տուեալները կարելի է ստուգել հասանելի Օսմանեան նիւթերով, եւ ան ենթակայ է ուսումնասիրութեան:

Ըստ Թալէաթի տուեալներու` միայն 1915-1917թթ. Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1,150,000 հայ անհետացած է` ներառեալ այն 100.000 հայերը, որոնք 1915-ին փախան կայսրութենէն: Բայց այս հաշուէն դուրս մնացած են տասնեակ հազարաւոր հայ կանայք եւ երեխաներ, որոնք ձուլման նպատակով տեղաւորուած են մահմետական ընտանիքներու եւ պետական որբանոցներու մէջ:

Թալէաթ փաշայի զեկոյցի հրապարակման մէջ պատմաբան Արա Սարաֆեան կը դիտարկէ 1917թ. զեկոյզը այլ Օսմանեան զեկոյցներու համայնապատկերի մէջ: Ան մանրամասն կը ներկայացնէ Թալէաթի վիճակագրութիւնը եւ կը ներառէ զեկոյցի բովանդակութիւնը նկարագրող 2 անգնահատելի գունաւոր քարտէզ, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեանը վերաբերող լրացուցիչ Օսմանեան փաստաթուղթեր: Սարաֆեան կը ներկայացնէ հայերու թուաքանակին վերաբերող Թալէաթի վրիպումը, անոնց հարազատ շրջանները եւ 1917թ. Օսմանեան կայսրութեան մէջ անոնց գտնուելու վայրերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.