2015-02-09 13:44:51

Սանդ Էճիտիօ հասարակութեան հիմնադրութեան 47 ամեակը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սանդ Էճիտիոն աշխարհականներու կաթողիկէ հասարակութիւնը այս տարի կը համախմբէ իր հիմնադրութեան 47 ամեակը։ Սանդ Էճիտիոն կազմակերպութիւն մըն է, հիմնուած՝ 1968-ին Հռոմի մէջ։ Անիկա մասնաւորապէս օգնութեան կը հասնի աղքատներուն, կը գործէ մահապատիժի դէմ եւ միջկրօնական երկխօսութեան ի սպաս։ Այս առթիւ երկուշաբթի 9 փետրուարի երեկոյեան 18.30-ին, Հռոմի ս Յովհաննէս Լատերանի պազիլիքայի մէջ, տեղի կ՛ունենայ` Հաւանայի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Օրթեկայի նախագահութեամբ սուրբ պատարագ, Սանդ էճիտիոյի հասարակութեան անդամներու ու անոնց բարեկամներուն մասնակցութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.