2015-02-09 12:13:02

Հայր Միքայէլ Քայեալի դիտաւորութեան սուրբ պատարագ։


(Ռատիօ Վատիկան) Այսօր` 9 փետրուար 2015-ին, կը նշուի Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի անդամ` հայր Միքայէլ վրդ. Քայեալի արեւանգումի երկրորդ տարեդարձը` որ պատահած էր 2013-ի, 9 փետրուարին, հալէպէն ոչ հեռու մէկ շրջանի մը մէջ: Այդ օրէն ասդին` Հայր Միքայելի ճակատագիրը անյայտ մնացած է։

Մինչ ամենուրէք կը կատարուին անոր յատկացուած աղօթքներ եւ արարողութիւններ Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի խմբագրութեան անդամները իրենց կարգին աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած, հայցելով Հայր Միքայէլ Քայեալի ազատագրումը ու անոր իր հարազատներուն մօտ վերադարձը, միաժամանակ կը հաղորդենք թէ յառաջիկայ Կիրակի 15 փետրուարին` Վատիկանի Ձայնասփիւռէն ուղիղ եթերով սփռուած հայածէս սուրբ պատարագը, զոր պիտի գլխաւորէ Հայր Ներսէս Վրդ, Սաքայեանը, պիտի մատուցուի Հայր Միքայէլի դիտաւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.