2015-02-09 11:43:53

Եգիպտոսի մէջ Եկեղեցիները կը պատրաստուին նշելու Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը՝ հայցելով Աստուծմէ ապահովութիւն իրենց երկրին համար


(Ռատիօ Վատիկան) Եգիպտոսի մէջ՝ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը սկիզբ առաւ կիրակի 8 փետրուարին, եւ վերջ պիտի գտնէ յառաջիկայ շաբաթ, 15 փետրուարին։
Սոյն ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, Եգիպտոսի մէջ գտնուող բոլոր
Քրիստոնեայ հասարակութիւնները, որոնց համար Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը առիթ կը հանդիսանայ միասնաբար աղօթելու Եգիպտոսի խաղաղութեան համար որ վերջերս՝ դժնդակ ու անկայուն վիճակի մէջ կը գտնուի։
Ֆիտէս լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Աղեքսանդրիոյ Լատինաց թեմի տեղակալ՝ գերապայծառ Ատէլ Զաքի այս առընչութեամբ յայտնեց, թէ ''ՔրիստոնեաներուՄիութեան աղօթքի շաբաթուայ ընթացքին, իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ համայնքի եկեղեցիներ իրենց տաճարներուն մէջ պիտի հիւրընկալեն այլ տարբեր համայնքներու պատկանող ներկայացուցիչներ, միասնաբար բաժնեկցելու համար Աստուծոյ խօսքի ծիսակատարութիւնն ու աղօթքի պահեր։
Նշենք, թէ 2015 տարուայ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքին շաբաթուայ խորհրդածութիւններուն ու քարոզներուն ներշնչման աղբիւր հանդիսացաւ
՝՝Ջուր տուր ինծի որ խմեմ''` Յիսուսի՝ Սամարացի կնոջ ուղղուած խօսքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.