2015-02-07 09:04:50

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հովուական այցելութիւնը Հռոմի Բիեդրալադա ս. Միքայէլ հրեշտակապետ կոչուած ժողովրդապետութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 8 փետրուարի յետմիջօրէն, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շարունակելով իր հովուական այցելութիւնները Հռոմ թեմի ժողովրդապետութիւններուն, կ՛այցելէ Փիեթրալադա շրջանի ս. Միքայէլ հրեշտակապետ կոչուած ժողովրդապետութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ինքնաշարժով կը մեկնի Վատիկանէն ժամը 15,30-ին եւ կ՛ուղղուի Փիեթրալաթա ս. Միքայէլ հրեշտակապետ կոչուած ժողովրդապետութիւն։ Երեք ժամուայ կեցութեան ընթացքին (16.00-19.00) Սրբազան Հայրը յաջորդաբար հանդիպումներ կ՛ունենայ հիւանդներու, Սանդ Էճիտոյ հասարակութեան խնամքի տակ գտնուող անօճախ անհատներու, տարւոյն ընթացքին կնքուած մանուկներու ծնողաց եւ կրօնուսուցումի մասնակցող պատանիներու հետ։
Սրբազան Հայրը ապա պահ մը խոստովանանքի խորհուրդը կը մատակարարէ խումբ մը հաւատացեալներու հուսկ պատարագ կը մատուցէ ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ։
Նորին Սրբութեան Վատիկան վերադարձը նախատեսուած է երեկոյեան ժամը 7-ին։
Հռոմի Փիեթրալադա շրջանի ս. Միքայէլ հրեշտակապետ կոչուած ժողովրդապետութիւնը հիմնուած է 23 Սեպտեմբեր 1938-ին ու յանձնուած Հռոմի թեմի խնամատարութեան։ Եկեղեցին օծուած է 1948-ին։ Ժողովրդապետութեան Համալիրը կը պատկանի Հաւատոյ պահպանման քահանայապետական մարմնին։ Ներկայիս Եկեղեցւոյ ժողովրդապետն է գերյարգելի Արիսդիտէ Սանա։








All the contents on this site are copyrighted ©.