2015-02-07 12:55:09

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի Ափիրկէի եւ Մտակասքարի Եպիսկոպոսական Ժողովներուն ուղղուած խօսքը, Շաբաթ՝ 7 փետրուարի առաւօտեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատանքի խօսք ուղղեց Ափրիկէի եւ Մատակասքարի եպիսկոպոսական ժողովներու տարած աշխատանքին, որ կ’ընթանայ՝ Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովի հոգիով։
Սրբազան Պապը յիշեցուց, որ Եպիսկոպոսական Ժողովներու համագումարը անհրաժեշտօրէն պէտք է հաւատարիմ մնայ ինքնութեան սզբունքին՝ որպէսզի կարենայ իր առաքելութիւնը լաւագոյնս կատարել։ Համագումարը պէտք է ըլլայ նաեւ միութեան եւ ծառայութեան ապրում մը։ Ծառայութիւն՝ յատկապէս ամենէն չքաւորներուն հանդէպ։
Հարկաւոր է՝ որ հոգեւոր հովիւները հեռու մնան աշխարհային եւ քաղաքական մտահոգութիւններէ, եւ ամրապնդեն իրենց կապը Քահանայապետին հետ, որ իր ներկայացուցիչները ունի յանձինս Քահանայապետական Նուիրակներու։
Պէտք է զգուշանալ չափազանցուած գրենավարչական կառոյցներէ, որովհետեւ անոնք եկեղեցին կը հեռացնեն ժողովուրդէն։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ երիտասարդ սերունդի կարիքներուն։ Եպիսկոպոսներուն յիշեցուց՝ որ երիտասարդները պէտք ունին անոնց վկայութեան։ Ափրիկէի ապագան երիտասարդներուն ձեռքն է, եւ անոնք կոչուած են այսօր իրենք զիրենք պաշտպանելու գաղթարարութեան նոր երեւոյթներէ, որոնք կը դրսեւորուին յաջողութեան, հարստութեան եւ իշխանութեան ձգտումին մէջ, ինչպէս նաեւ ծայրայեղականութեամբ եւ կրօնքի չարաշահումով։ Եկեղեցին պէտք է դաստիարակչական աշխատանք տանի եւ երիտասարդներուն ուսուցանէ մտածել քննադատօրէն եւ աճիլ արժէքներու հասունացմամբ։
Նաեւ ընտանիքը ունի իր անուրանալի դերը Ափրիկէի ցամաքամասին համար։ Ան եղբայրութեան առանձնաշնորհեալ աղբիւրն է եւ կը կազմէ խաղաղութեան անհրաժեշտ եւ առաջնահերթ հիմը։
Վերջապէս Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատեց այն բազմաթիւ քահանաներու, կրօնաւորներու եւ աշխարհականներու առաքելութիւնը, որոնք կը քարոզեն աւետարանը եւ կը նպաստեն ընկերութեան յառաջդիմութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.