2015-02-07 08:56:21

Սուրբ Սահակ Պարթեւ (29.9.348 - 7.9.439)


387 թուին, 39 տարեկան հասակին Հայոց կաթողիկոս ձեռնադրու ած այս հոգեւորականին անունը մեր բոլորին ծանօթ է իբր հայ գիրերու գիւտէն ետք, հայերէն լեզուի եւ Աստուածաշունչի պատուիրաններու տարածման աշխատանքին մէջ առաջնահերթ դեր խաղացած անձնաւորութիւն: Սուրբ Սահակ Պարթեւի կաթողիկոսութեան օրերուն (387 - 439) էր որ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցական դարձաւ եւ լծուեցաւ հայ գիրերու ստեղծման աշխատանքին: Ս. Սահակ Պարթեւ, Հայ գիրերու գիւտէն ետք, տարիներ շարունակ զբաղած է հայրենիքի հոգեւոր կեանքի բարեկարգութեան վերաբերող հարցերով ու հիմնականապէս հայ դպրութեան ամենուրեք տարածումով:
Ս. Սահակ Պարթեւ ծնած է 348թ. Կեսարիոյ մէջ եւ ըլալով Ս. Ներսէս Մեծի որդին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տոհմէն է: Անոր միակ դուստրը՝ Սահականոյշ, Քաջն Վարդան Մամիկոնեանի մայրն է: Նախնական ուսումը իր ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, ան մեկնած է Բիւզանդիոն ( Կ.Պոլ իս) որ այդ ժամանակաշրջանին բարձրագոյն ուսման կեդրոններէն մէկն էր: Հոն, Սահակ պարթեւ տիրապետած է կրօնական, եկեղեցական եւ այլ գիտութիւններու, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ օտար լեզուներու, որոնցմէ՝ յունարէնի եւ պարսկերէնի:
Ս. Սահակ Պարթեւ կարգաւորած է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ տօնացոյցը, գրած է բազմաթիւ հոգեւոր կանոններ (շարականներու շարքեր), եղանակաւորած է շարականներ, պատարագամատոյց եւ ծիսական աղօթքներ:
Ս. Սահակ Պարթեւ եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց իրենց աշակերտներուն հետ ծաւալած են թարգմանչական աշխատանքներ, որոնցմէ առաջինը հանդիսացած է Աստուածաշունչը:
Այսպիսով Ս. Սահակ Պարթեւ նկատուած է մեր Ոսկեդարու կերտիչներէն մէկը:
Հայ եկեղեցին Ս. Սահակ Պարթեւի յիշատակը կը տօնէ տարին 2 անգամ: Յիշատակի առաջին օրը Սուրբ Սարգիսի յաջորդող Շաբաթ օրն է, իսկ երկրորդը Հոգեգալստեան յաջորդող 4-րդ Կիրակի օրուան յաջորդող Հինգշաբթի օրը՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի հետ:


Շարական՝ Ս. Սահակ Պարթեւ հայրապետին
Դուն սուրբ հայրապետներուն արմատներէն մեզի գաւազան բ խ ե ց ո ւ ց ի ր ս ո ւ ր բ Ս ա հ ա կ հայրապետը քու հօտդ հովուելու ո՜վ Քրիստոս:
Դուն հայերուս անգիտութեան խ ա ւ ա ր ը ջ ն ջ ե ց ի ր ՝ ա ս ո վ իմաստութեան լոյսը ծագեցնելով Թորգոմի որդիներուն:
Դուն քու յառաջիկայ խորհուրդը տեսիլքով յայտնեցիր սուրբին, անոր յիշատակին՝ ընդունէ տօնողներուս աղաչանքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.