2015-02-07 09:07:38

Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի զրոյցը ''Թէլէլիւմիէրի'' հետ։


Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը վերջերս հարցազրոյց մը ունեցած Լիբանանի կաթողիկէ հեռուստակայան ''''Թէլէլիւմիէրի'' հետ։
Հարցազրոյցին սկիզբը անդրադառնալով վերջերս Թեհրան կատարած այցելութեան, Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը յայտնեց որ այս այցելութիւնը կատարած է Թեհրանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ օծումին 60 ամեակին առթիւ:
«Այս եկեղեցին, որ կառուցուած է Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Կաթողիկոս Պատրիարքին նախաձեռնութեամբ, կը կոչուի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ», որ եղած է առաջին առաքեալը Հայաստանի՝ որ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք ընդունած առաջին երկիրն է»:
Շարունակելով Թեհրան այցելութեան մասին անդրադառնալ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նշեց. «Իրանի մէջ ունինք ծերանոց մը ուր եւս այցելեցինք, ինչպէս նաեւ առաջնորդարան մը, հակառակ անոր որ համայնքին թիւը զգալիօրէն նուազած է արտագաղթին պատճառով»:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նշեց որ այցելութեան ընթացքին պետական պաշտօնատարներու հետ ունեցած է հանդիպումներ, որոնց ընթացքին արծարծուած է յատկապէս կրօնական բնոյթի աղմկայարոյց ծաղրանկարներու խնդիրը, որ մեծապէս յուզեց Իսլամ հասարակութիւնը: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը դիտել տուաւ որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եղաւ այդ արարքները առաջին դատապարտողը:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ Հայաստան կատարած այցելութեան մասին ուղղուած հարցումին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ, որ այցելութեան նպատակն էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Համահայկական Հռչակագրին հրապարակումը հանդիսաւոր կերպով։ Այս կապակցութեամբ ան նշեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, ըսելով որ այն ինչ որ տեղի ունեցաւ 1915-ին՝ պատերազմի հետեւանք էր հակառակ անոր որ թուրք մտաւորականներ անգամ սկսած են հաստատել ցեղասպանութեան փաստը եւ մինչեւ իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ ցոյցեր տեղի կ՛ունենան Պոլսոյ մէջ:
Հոգեւոր Տէրը տեղեկացուց որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ յառաջիկայ ապրիլ 12-ին Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս» տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի մատուցանէ սուրբ Պատարագ մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսի հայրերուն, կարդինալներու, եպիսկոպոսներու եւ հոգեւորականներու: Այս առթիւ պիտի հրապարակուի նաեւ վատիկանեան դրոշմաթուղթ մը Մարտինի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ:
Հոգեւոր Տէրը նշեց որ ապրիլ 23-ին Էջմիածինի մէջ պիտի կատարուի Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու սրբադասման արարողութիւնը Ամենայն հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետներուն կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.