2015-02-07 09:44:41

Հոլանտ եւ Մերքել Փութինի հետ կը քննեն Ուքրանիոյ մէջ զինադադար հաստատելու կարելիութիւնները


ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Փետրուար 6ի երեկոյեան, Ուքրանիոյ մէջ զինադարար հաստատելու կարելիութիւնները Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ քննելու համար, Մոսկուա ժամանեցին Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելն ու Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը, որոնք Քրեմլինի մէջ անմիջապէս եռակողմանի խորհրդակցութիւններու սկսան։
Դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն՝ Հոլանտի եւ Մերքելի այցին դրդապատճառը այս շաբթուան ընթացքին Փութինի կողմէ իրենց յղուած առաջարկներն էին, որոնք կ՛առնչուէին Ուքրանիոյ ռուսամէտ ուժերու հակակշիռին տակ գտնուող տարածքներու ընդարձակման։
Հոլանտ եւ Մերքել Հինգշաբթի օր անակնկալօրէն Քիեւ այցելած էին ու խորհրդակցած Ուքրանիոյ նախագահ Փեթրօ Փորոշենքոյի հետ։ Նոյն օրը Քիեւ կ՛այցելէր նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի, որ Ռուսիոյ կոչ ուղղեց Ուքրանիոյ մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատելու:







All the contents on this site are copyrighted ©.