2015-02-07 09:34:39

Աւստրիոյ եկեղեցիները պիտի ոգեկոչեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը


24 ապրիլին Աւստրիոյ քրիստոնէական եկեղեցիները պիտի ոգեկոչեն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Ըստ «Pro Oriente» հիմնադրամի ներկայացուցիչ Էրիխ Լայթենպերկըրի, ասիկա է «ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը»:
«Ցեղասպանութիւնը ի վերջոյ պիտի ճանչցուի եւ դատապարտուի: 100 տարի առաջ այդ մարդիկը միայն քրիստոնեայ ըլլալու պատճառով սպաննուած են: Միայն իսլամացածները յաջողած են փրկուիլ ցեղասպանութենէն», ըսած է Լայթենպերկըր:







All the contents on this site are copyrighted ©.