2015-02-06 09:54:11

Թրքական կազմակերպութիւններ կոչ ըրած են աշխարհի ղեկավարներուն՝ Ապրիլ 24ին Թուրքիոյ փոխարէն Երեւան երթալու


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Թուրքիոյ մէջ շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ դիմած են աշխարհի ղեկավարներուն՝ կոչ ընելով անոնց, որ չմասնակցին Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակի տօնակատարութեան, որ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով պիտի նշուի Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման օրը՝ Ապրիլ 24ին:
Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան Այլատեացութեան եւ խտրականութեան դէմ յանձնաժողովը, Իզմիրի Ասորական եղբայրութեան, մշակութային եւ համերաշխութեան համախմբումը, «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութիւնը, «www.suryaniler.com» մշակութային միութիւնը եւ «Զան» ընկերաքաղաքական տնտեսական հետազօտութիւններու հիմնարկը այս նպատակով համատեղ յայտարարութիւն մը տարածած են. այս մասին կը գրէ «Ակօս» շաբաթաթերթը:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Թուրքիոյ ղեկավարները Ապրիլ 24 տարեթիւը յաղթանակի տօնակատարութիւններու վերածել փորձելով՝ կ՛անարգեն Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Կազմակերպութիւնները կոչ ըրած են աշխարհի առաջնորդներուն, որ յստակօրէն յայտարարեն, թէ իրենք պիտի չ՛անարգեն Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
«Գացէ՛ք Երեւան, ուր իսկապէ՛ս ցաւ կայ», ըսած է Մարդկային իրաւունքներու միութեան փոխնախագահ Էրեն Քեսքին:







All the contents on this site are copyrighted ©.