2015-02-05 13:38:18

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին նամակը եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահներուն, կրօնաւորական միաբանութիւններու աբբահայրերուն եւ առաքելական կեանքի ընկերութիւններուն։


(Ռատիօ Վատիկան) ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նամակ մը յղած է եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահներուն, կրօնաւորական միաբանութիւններու աբբահայրերու եւ առաքելական կեանքի ընկերութիւններուն որուն մէջ կը գրէ ''Մարտ 2014-ին հիմնեցի անչափահասներու պաշտպանութեան Քահանայապետական յանձնախումբը, ունենալով որպէս նպատակ առաջարկներ ու նախաձեռնութիւններ ընծայել բարւոքելու կանոններն ու օրինաձեւերը անչափահասներու պաշտպանութեան ի խնդիր։ Այդ յանձնախումբին համար նշանակեցի բարձրորակ եւ փորձառու անձնաւորութիւններ։ Անցեալ յուլիսին հանդիպում ունեցայ քահանաներու թիրախ` սեռային շահագործումի զոհերու հետ եւ հաղորդակից եղայ անոնց ապրած տառապանքին ու ականատես եղայ անոնց ամուր հաւատքին։ Այն համոզումին հասայ, որ յոյժ կարեւոր է, ամէն միջոցի դիմել, Եկեղեցիէն արմատախիլ ընելու խոցը մանուկներու սեռային շահագործումին, ու աշխատիլ զոհերու հաշտութեան ու անոնց բուժումին ի նպաստ։
Այս պատճառաւ անցեալ Դեկտեմբերին նշանակածի այլ անդամներ ներկայացնելու բոլոր տեղական եկեղեցիները, եւ մօտ ապագային, առաջին անգամուան համար, յանձնախումբի բոլոր անդամները Հռոմ պիտի հաւաքուին։
Այս կարգադրութեամբ կը խորհիմ որ նոր յանձնախումբը ի վիճակի պիտի ըլլայ օգնելու ինծի ազդու օրէն յառաջ տանելու Եկեղեցւոյ այս յանձնառումը։
Ընտանիքները պէտք են վստահ ըլլալ որ Եկեղեցին ոչ մէկ բան կը խնայէ պաշտպանելու անոնց զաւակները։ Իրենց իրաւունքն է լիայոյս եկեղեցւոյ դիմել, որովհետեւ Եկեղեցւոյ մէջ բացարձակապէս տեղ չունին, անոնք որոնք կը շահագործեն երախաները։
Սրբազան Քահանայապետը նամակին մէջ ապա կը գրէ. ''Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու նախագահներու եւ կրօնական միաբանութիւններու աբբահայրերու եւ առաքելական կեանքի ընկերութիւններու պարտականութիւնն է հսկել ու լրջութեամբ քննարկել Եկեղեցիէն ներս գործուած սեռային շահագործումները''։
Պապը իր նամակը կ՛եզրափակէ խնդրելով կատարեալ համագործակցութիւն նորահաստատ յանձնախումբին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.