2015-02-05 12:54:38

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 5 փետրուարի քարոզը ''Առաքեալը՝ Աստուծոյ արքայութեան բանուորն է''։


Հինգշաբթի, 5 փետրուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ յայտնեց, թէ Եկեղեցին պէտք է աւետէ Աւետարանը աղքատութեան մէջ, եւ թէ ան որ կ՝աւետէ պէտք է որպէս միակ հեռանկար ունենալ ամոքել աղքատներու թշուառութիւնները՝ առանց մոռնալու թէ այս մէկը Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնն է եւ ոչ թէ մարդկային ուժերու արդիւնք։
Մեկնաբանելով օրուայ աւետարանական ընթերցումը՝ ուր կը խօսուի Յիսուսի աշակերտներու առաքումի մասին` քարոզելու համար եւ բուժելու հիւանդներն ու չար ոգիները վտարելու, Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց թէ ասիկա է Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ՝ ''Եկեղեցին որ կը բուժէ եւ խնամք կը տանի'', ընդգծելով թէ շատ են վիրաւորները որոնք կարիքը ունին բուժումի։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա՝ զգուշացուց, թէ երբ եկեղեցին մոռնայ սոյն միսիոնարականութիւնը այսինքն՝ աղքատներն ու կարիքաւորներուն յոյս ներշնչելը, ան կը վերածուի լոկ՝ շքեղ եւ հզօր կազմակերպութեան , սակայն՝ ոչ աւետարանական
Ֆրանչիսկոս Պապը հարց տալով թէ ո՞րն է առաքեալի մը համար ամենէն բարձր մեծարանքը , պատասխանեց ՝ '' ըլլալ Աստուծոյ արքայութեան աշխատաւորը, որ կը հետեւի Յիսուսի աւետումի ուղիին՝ բուժելով , պահպանելով եւ հռչակելով բարի լուրը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդը առաջնորդել դէպի Հայրը ու խաղաղութիւն սփռել մարդոց սրտերուն մէջ''։







All the contents on this site are copyrighted ©.