2015-02-05 08:40:37

Հայ Ձեռագրի Պատմութեան Ուղիին Վրայ


Գրչագիրներու Աշխատանքի Պայմանները

Հ. Վարդանեան կը գրէ՝ ՙՆիւթական ու բարոյական ահաւոր պայմաններու տակ գրական գործեր արտագրելու իսկական դժուարութեան միայն իրենք գրչագիրները կրնային համաչափ գաղափար մը կազմել ու ըմբռնել ձեռագրին իրական յարգն ու արժէքը. Զարմանալի պէտք չէ թուի հետեւաբար եթէ գրչագիրներն իրենք իրենց ընթերցողներուն խրատ տան խնամոտ ու երկիւղած վերաբերում ցոյց տալու միշտ ձեռագիրներու հանդէպ ու անիծեն հակառակ գործողները։ Հետագայ ոսկեղնիկ խրատները դեռ այսօր ալ ամէն հայու լուրջ ուշադրութեան առարկայ ըլլալու են։՚
ՙԱյն որ այս պատուէրները պահէ եւ խնմաքով եւ լաթով բռնէ եւ ձէթ եւ մոմ չկաթեցնէ, թող Աստուծմէ եւ բոլոր սուրբերէն օրհնուի։՚
ՙԱյն որ խնամքով կը վարուի եւ բոլոր վնասակար բաներէն զգուշութեամբ կը պահէ՝ թող սուրբերու փառքին մասնակցի եւ Քրիստոսով վարձատրուի։՚
ՙԱյն որ խնամք կը տանի այս սուրբ Աւետարանին եւ թէ՜ կրակէ թէ ջուրէ՜ կը պաշտպանէ՝ Աստուած թող օրհնէ այն մարդը, որ խնամք կը տանի։՚
ՙԱստուած թող օրհնէ այն քահանան, որ այս սուրբ Աւետարանը խոնաւ տեղերէ եւ այլ փորձանքներէ եւ կը պաշտպանէ։՚
ՙՈ՜վ ընթերցողներ այս սուրբ Աւետարանին՝ լաւ եւ սուրբ պահեցէք եւ մոմը գրքին մէջ մի՜ բռնէք։՚
Ջուր, խոնաւութիւն, կրակ, իւղ կամ ձէթ, մոմ ու մուր կը վնասեն ձեռագրին։ Գրչագիրները նաեւ կոչ կ’ուղղեն՝ ձեռագիրները մանուկներու, տգէտներու կամ անառակներու ձեռքը չտալ, չպատառոտել, չգողնալ եւն.։
ՙԼսեցէ՜ք եղբայրներ, լա՜ւ խնամք տարէք եւ սպիտակ լաթով բռնեցէք, որովհետեւ շատ դժուար է գիրք գրելը։՚
ՙԽնա՜մք տարէք գրքիս, փախուստի կամ խռովութիւններու ժամանակ՝ գիրքը քաղաք տարէք եւ պահեցէք եւ խաղաղութեան ժամանակ՝ վանք տարէք եւ կարդացէք. մի ամբարէք եւ փակ մի պահէք, որովհետեւ փակ պահուած գիրքը՝ կուռք է։՚
ՙԿ’աղաչեմ ձեզ, ո՜վ աստուածասէր ընթերցողներ, ձեզի խրատ մը տամ, լսեցէք՝ գիրքը ապահով պահեցէք եւ կարդացէք, եթէ գերի երթայ՝ ետ դարձուցէք։ Մի դնէք տեղ մը, ուր խոնաւ է եւ ուր ջուր կը կաթի, վրան մոմ մի կաթեցնէք, թքոտ մատով թուղթը մի շրջէք եւ մի լրբութեամբ պատռտէք։՚
ՙՄիտ դիր այս խրատին որ քեզի կու տամ՝ ի լուր. Երբ շարական կ’երգես եւ թուղթը թուքով կ’ապականես եւ կամ՝ երկու մատով կը բռնես ու կը քաշես, կամ՝ կազմին վնաս կը հասցնես, կամ՝ տգէտի ձեռքը կը դնես ու խոզ մարդոց կոխան կ’ընես, կամ՝ կողքը անգութ կերպով կը քաշես, կամ՝ մատդ թրջելով էջը կը շրջես, կամ՝ վրան մոմ կը կաթեցնես՝ այսպէսով իմ գրածս կ’ապականես։ Այլ մեծ սիրով խնամէ, մաքուր ձեռքով եւ լաթով բռնէ, կրակէ եւ ջուրէ հեռու պահէ, մէջը գէշ բաներ մի գրեր, երկու երեք լաթով պահէ, չոր տեղ դիր … այսպէսով՝ Աստուած պիտի տեսնես։՚

Օրհնանքներու կողքին կան նաեւ անէծքներ՝ անոնց հասցէին, որոնք ձեռագրին հետ յարգանքով չեն վարուիր
ՙԴարձեալ կ’աղչեմ ձեզ եղբայրներ՝ որ այս սուրբ Մաշտոցը վնասակար բաներէ հեռու պահեցէք, ինչպէս՝ ե՜ւ ջուրէ ե՜ւ անձրեւէ, թաց տեղէ կամ աւազակէ։ Եթէ մէկը յանդգնի եւ իմ յիշատակս ջնջէ, անյպիսին այս կեանքին մէջ ամէն բանէ թող զրկուի։՚
ՙԱյն որ յիշատակարանը կը քերէ, կամ՝ թուղթը կտրէ եւ կամ լուսանցքի վրայ գրութիւն կը դնէ՝ թող Յուդայի բաժինը ստանայ եւ Քրսիտոս խաչ հանողներուն եւ Կայէնի պատիժը կրէ։՚
ՙԱյն որ այս յիշատակարանը կը կտրէ, կամ՝ կը քերէ, կամ՝ կը սրբէ, իր երկնքի արքայութեան յոյսէն թող զրկուի եւ անոր սերունդները եւ յաջորդները ջնջուին։՚
ՙԿ’աղաչեմ, որ լաւ խնամք տանիք. կրակէ, ջուրէ եւ տգէտ ընթերցողներէ հեռու՜ պահեցէք։ Այն անձը, որ նենգութեամբ՝ որեւէ պատճառով Ս. Աստուածածնի Վանքի գրադարանէն դուրս կը հանէ այս Աստուածաշունչը՝ թող ինչքա՜ն որ վատ նզովք եւ անէծք կայ այս Աստուածաշունչին մէջ՝ այդ անձին վրայ գայ … եւ այն անձը, որ լաւ խնամք կը տանի եւ խոնաւ տեղէ, կրակէ եւ ջուրէ ապահով կը պահէ՝ թող անոր վրայ ըլլան այս Աստուածաշունչի բոլոր շնորհքները, օրհնութիւնը եւ նախախնամութիւնը։՚







All the contents on this site are copyrighted ©.