2015-02-04 09:58:16

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Խնայէ՛ «Ծառին»

Բնութեան կեանքէն քաղուած պատկերով մը կ՛ուզենք շօշափել դարձեալ բարոյագիտական նիւթ մը, որուն փոխաբերական իմաստով ըմբռնուած առարկան այս պարագային ծառն է: Խղճամիտ պարտիզպանին համար վստահաբար յատուկ արժէք ունի իւրաքանչիւր ծառ, որուն տնկուած պահէն մինչեւ պտուղները քաղելու երջանիկ պահը ան կը հետեւի անոր աճման, փորելով շուրջը, ջուր տալով ժամանակին, ինչպէս նաեւ դեղելով հարկ եղած պարագային, ու նաեւ պատուաստելով ի պահանջել հարկին:
Զարգացած քաղաքներու մէջ, քաղաքապետարաններ նոյնիսկ փողոցի եւ հրապարակներու բոլոր ծառերուն յատուկ վերաբերմունք կը պահանջեն… Ցուցաբերուած այսքան խնամքին դիմաց, սակայն, կայ նաեւ այլ վերաբերում յատկապէս պտղատու ծառին հանդէպ, որուն պատասխանատու կը նկատուին առհասարակ փողոցի չար տղաքը ինչ որ անկարելի է որ գործէ պարտիզպանը։
Պարտիզպանը, ինչպէս ըսինք, իր տնկած ծառերուն նկատմամբ միայն խնամք, հոգածութիւն եւ նոյնիսկ գուրգուրանք տածող անձն է: Իսկ ան, որ ծառերը տնկած ու անոնց աճման հետեւած չէ, շատ դիւրաւ կը համաձայնի զանոնք բունէն կտրելով իբրեւ փայտ վառելու հեշտ արարքին, մանաւանդ երբ զգայ, թէ օդը ցուրտ է, ու պէտք է մարմինը կերպով մը տաքցնէ:
Ահաւասիկ երկու տեսակի վերաբերում՝ ծառերու հանդէպ:
Բնաւ տարբեր չէ՛ մարդկային ընկերութեան կեանքը պարտէզի կեանքէն: Համաձայն Աստուածաշունչին, մարդը Եդեմական դրախտին իբրեւ ծնունդ, բնութեան հետ սերտ առնչութիւն ունի: Ինք ալ հողէն «ծլած» է, եւ նոյնիսկ կոչուած «բանական կենդանի»: Լոյսի, թթուածինի ու ջուրի կարիք ունեցող ծառերուն եւ անասուններուն նման, մարդ էակն ալ այդ երեքին պէտք ունի, իր կեանքը կարենալ ապրելու համար:
Մարդկային կեանքին համար, բարոյագիտութիւնը կը հրահանգէ ըսելով.
_ Խնայէ՛ «ծառ»ին:
Մեր ընկերութեան մէջ չեն պակսիր այնպիսի մարդիկ, որոնք օգտուելէ ետք պտղատու ծառի բարիքներէն, կը քաջալերեն փողոցի տղաքը, որ քարկոծեն այգիի բարեբեր հողին մէջ տնկուած արդիւնաբեր ծառը: Անոնք սկզբունքային որեւէ առողջ հիմք չունեցող մարդիկ են։
Պտղատու եւ արդիւնաշատ ծառերուն նման, ուժեղ անհատականութիւն ունեցող մարդոց ճակատագիրն է անպայման ունենալ ընդդիմադիր ճակատ մը իրենց դէմ լարուած: Իցի՜ւ թէ այդ ճակատին զինուորագրուած բոլոր մարտիկները սնամիտ հետեւակներ ըլլային… Երբեմն, ցաւօք սրտի, անոնց շարքերուն կը նշմարուին նաեւ ձիաւոր ասպետներ, որոնք իրենց թուրը մերկացուցած կը շողշողացնեն արեւուն տակ, Նազարեան հերոսութիւններ գործելու փառասիրութեամբ, որոնց քաջագործութիւնները ո՛չ Ընկեր Փանջունիի գիրքին մէջ, եւ ոչ ալ պատմութեան մէջ որեւէ տեղ պիտի արձանագրուին սակայն:
Յաճախ այս ասպետներն են, որոնք փառամոլութենէ շուարած, պտղատու ծառի շուքին նստած, զիրենք շողոմողներուն խաղալիկ կը դառնան, ի վերջոյ հրահանգ տալով կտրելու պտղատու «ծառ»ը, այն ալ պարզապէս հաճոյքի համար: Կը բաւէ միայն անոնց մեծութիւնը գովաբանել, ու շուտով անոնք պիտի դառնան երեխաներ, մանկունակ խաղեր կատարելով ձեր առջեւ: Մինչդեռ իր մէջքին թուր կրող ասպետին վայել կեցուածքը այն պիտի ըլլար, որ ան պտղատու «ծառի» միրգէն ճաշակելէ ետք, օրհնէր պարտիզպանը, գնահատէր անոր վաստակը, նոյնիսկ վարձատրէր զայն իր իշխանավայել առատաձեռնութեամբ:
Պտղատու «ծառը» նոյնիսկ կտրուելէն ետք, իր բերքով կը մնայ արժեւոր, եւ իր արմատներուն մօտ հողը ծակծկող գձձութիւններէ միշտ վեր ու բարձր… Իր առաքելութիւնը այս կեանքին մէջ աւարտած, գոհունակ սիրտ ունեցող յաւերժի ճամբորդն է իր բունէն կտրուած պտղատու «ծառը», որուն ջրալի պտուղներուն բոյրը շա՜տ հեռուէն ալ զգալի կ՛ըլլայ անցորդներուն: Իսկ պտուղները, չորնալով չիր դառնալէն վերջ ալ իրենց համը կը պահպանեն, տարուան բոլոր եղանակներուն ալ իրենց արժէքը իմացող տուներուն սեղանները զարդարելով:
Իմացական հարստութեամբ լեցուն «ծառին» պտուղները քաղելէդ ետք, բնաւ թափ մի տար դարձեալ, միշտ հաւատալով անոր չորցած կարծուող ճիւղերուն մէջէն հոսող աւիշին հրաշագործ կարողութեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.