2015-02-03 09:09:11

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին քարոզը ''Անձինք նուիրեալ'' համաշխարհային 19-րդ օրուան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 2 փետրուար 2015-ին, Տեառնընդառաջի տօնին, Ֆրանչիսկոս Պապը յետմիջօրէի ժամը 5.30-ին` Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, նախագահեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը` ''Նուիրեալ կեանքի'' համաշխարհային 19-րդ օրուան առիթով։
Այս առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ. ''Աւետարանը կը պատմէ Յիսուսի ընծայումի դէպքը, ուր ի յայտ կու գայ իմաստութիւնը երկու ծերունիներու` Սիմէոնի եւ Աննայի, արդար ու երկիւղով անձեր։ Անոնք Ս. Հոգիէն մղուած տաճար եկան։ Սիմէոն կ’օրհնէ Տէրը եւ Աննան կը քարոզէ փրկութիւնը։ Սիմէոն Մարիամի նման գիրկը կ’առնէ Մանուկը։
Մենք եւս, այսօր, Մարիամի ու Սիմէոնի նման, կ’ուզենք մեր գիրկին մէջ առնել Մանուկ Յիսուսը որպէսզի ժողովուրդին հետ տեսնուի, ասիկա կարելի պիտի ըլլայ եթէ մենք Յիսուսի ետեւէն քալենք։ Յիսուսը կ՛առաջնորդենք պայմանաւ որ թողունք որ Ինք առաջնորդէ մեզ։ Մենք կանչուած ենք ըլլալու առաջնորդուած առաջնորդներ - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու քարոզը եզրափակեց հայցելով Տիրամօր, ս. Յովսէփ Աստուածահօր եւ Սիմէոն ու Աննա սուրբերուն բարեխօսութիւնը որպէսզի Տէրը մեզի պարգեւէ շնորհքը Անոր ներկայանալու լիովին բարենորոգուած` Ս. Հոգւոյ մէջ։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.