Սկզբնական մեղքի ողբերգութեամբ, որով մարդս չհնազանդեցաւ Աստուծոյ եւ խանգարեց այն ներդաշնակութիւնը
որ կար իրեն՝ ստեղծագործութեան ու Ստեղծողին միջեւ, մարդկային երկրաւոր ճամբան լի է արգելքներով,
տանջանքներով, արտաքնապէս անհասկանալի երեւոյթներով: Մարդս փնտռտուքի մէջ է իր կեանքն
իմաստաւորելու. եւ միաժամանակ փնտռելու օգնութիւն մը՝ մխիթարութիւն մը, աշխարհի չարին
դիմաց ու ինքնիր մէջ գտնուած չարի հակասութեան դիմաց: Ահաւասիկ թէ որ հեռումի / համաբնագիրի
մէջ կրնանք մարդեղութեան խորհուրդը հասկնալ, Աստուծոյ Որ-դին աշխարհ գալու խորհուրդը:
Խոր-հուրդ՝ որ Յիսուսի ամբողջ կեանքէն լուսաւորուած է ինչպէս Աւետարանը կը պատմէ մեզի: Այս
հատուածին մէջ կը տեսնենք Յիսուսը որ, նստած լճի ափին, կը տեսնէ բազմութիւն մը հիւանդներու
եւ ախտաժէտներու որ իրեն կու գան, ու կը լծուի բժշկելու զիրենք: Ապա, տեսնելով որ ամբոխը
կը շրջապատէ զինք, եւ ուտելիք չունին, կը կատարէ հացերու բազմացման հրաշքը՝ կշտացնելով
բոլորը: Այդ բոլոր հիւանդներուն եւ անօթիներուն մաս կը կազմենք նաեւ մենք: Մեզմէ իւրաքանչիւրը
ունի իր դժուարութիւնները, հարցերը, անկումները, լաւագոյն բանի մը ծարաւը՝ որ կարենայ
լիացնել իր սիրտն ու հոգին: Ասոր համար է որ եկած է Յիսուս: Մարդս զրկուելով Աստուծոյ
հետ յարաբերութենէն, իր Ստեղծիչին հետ, այլեւս իր կեանքին իմաստը չի գտներ, եւ ոչ իսկ
այն ուժը՝ որ զինք առաջնորդէ այն նպատակին՝ որուն կը դիմէ: Յիսուսի մէջ կը գտնենք բժիշկը՝
մեր բոլոր հիւանդութիւնները բժշկող, եւ մեր հոգեկան կարիքներուն առողջ սնունդը պարգեւելու: Տէ՜ր,
միայն զիս բժշկելով չես գոհանար, այլ կ'ուզես դառնալ նաեւ բարեկամս: Եւ Սուրբ Հաղորդութեան
ներկայութեամբդ՝ Դուն մնացիր ինծի հետ երկրիս վրայ: Տէ՜ր, ես ալ չեմ ուզեր այլեւս
քեզ մոռնալ, ես ալ կ'ուզեմ ըլլալ բարեկամդ: Ամէն: Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան