2015-02-03 14:04:36

Աշխարհի մէջ մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ մտախոհութեան ձեռնարկ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի`8 փետրուարին, կը նշուի մարդավաճառութեան դէմ միջազգային աղօթքի եւ մտախոհութեան օրը։
Այս օրուան ծիրէն ներս, ուրբաթ` 6 փետրուարին, Հռոմի Սրբոց Առաքելոց տաճարին մէջ, երեկոյեան ժամը 8,30 ին, տեղի կ՝ունենայ ձեռնարկ մը որուն խորագիրն է ՝ ''ճրագ մը վառէ մարդավաճառութեան դէմ'' ։
Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ որոնց շարքին նշենք կրօնաւորական հաստատութիւններու ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Ժոաօ Պրազ Տէ Ավիզը, Արդարութեան ու խաղաղութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Թուրքսոնը։
Ձեռնարկը սկիզբ կ՝առնէ Հռոմի Սրբոց Առաքելոց տաճարին դիմաց՝ մարդավաճառութեան դէմ Միջազգային աղօթքի եւ մտախոհութեան օրուայ ներկայացումով, ապա ժամը 20.45ին, հաւատացեալները ձեռքերնին վառ մոմերով, թափօրով կ՝ուղղուին դէպի տաճար ուր կը կատարուին երգեցողութիւններ եւ գեղարուեստական ծրագիր։ Ապա տեղի կ՛ունենան վկայութիւններու ներկայացում ինչպէս նաեւ` խորհրդածութիւններ մարդավաճառութեան շուրջ ։
Վերոյիշեալ ձեռնարկի ներկայացումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի` 3 փետրուարի առաւօտեան, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի, Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ի մէջ այլոց կրօնաւորական հաստատութիւններու ժողովի կառավարիչը` կարդինալ Ժոաօ Պրազ Տէ Ավիզը, եւ գաղթականութեան ու թափառաշրջիկութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Վելիոն ինչպէս նաեւ Արդարութեան ու խաղաղութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Թուրքսոնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.