2015-02-03 09:17:36

5-7 փետրուար տեղի կ’ունենայ աշխարհականներու լիանիստ գումարը ։


(Ռատիօ Վատիկան) 2015-ի քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ գումարը նուիրուած է քաղաքներու հովուութեան` ‘’Աստուծոյ հանդիպիլ քաղաքին սրտին մէջ’’ խորագրով։
Ժողովականները պիտի ջանան հարցադրել քաղաքի բնակչութեան հարցին շուրջ։
Արդի քաղաքը, Աստուած մէկդի դրած է, ու եկեղեցւոյ համար ասիկա բարեբեր առիթ մըն է ճանչցնելու Տէրը։
Բազմաթիւ քաղաքացիներ անտարբեր են կրօնքի հանդէպ։ Մենք կանչուած ենք անոնց հանդիպիլ ու անոնց խօսիլ կեանքի ճշմարիտ նշանակութեան մասին։
Կարդինալ Ռիլքօ` իր բացման խօսքին մէջ պիտի անդրադառնայ աշխարհականներու խորհուրդի պատմութեան ու գործունէութեան։ Ժողովին նախատեսուած է մասնակցութիւնը կարդինալ Թակլէի որ պիտի խօսի Եկեղեցւոյ ընկերային ուսուցումի մասին։
Վերջին օրը ժողովականները հանդիպում պիտի ունենան ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ու հանդիպման ընթացքին հրապարակաւ պիտի փոխանցեն իրենց կեանքի վկայութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.