2015-02-02 10:42:19

Լիթուանիայի եպիսկոպոսներու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Փետրուար 2-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ կ՛ընդունի Լիթուանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի 11 եպիսկոպոսներ, որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Լիթուանիայի հանրապետութիւնը, իր անկախութիւնը ստացած է Սովետական Միութեան անկումէն ետք, 9 փետրուար 1991-ին եւ 2004-ի Մայիս մէկին մաս կազմած է Եւրոպական Միութեան ու 2015-ի յունուար մէկէն սկսեալ` Եւրոն դարձած է երրին պետական դրամ։
Լիթուանիայի հանրապետութիւնը ունի 65.300 քմ քառակուսի տարածք եւ 3.261,000 բնակչութիւն, որուն 78 առ հարիւրը Կաթողիկէ են։
Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի երկու աւագ թեմեր, հինգ թեմ եւ մէկ զինուորական մատրանապետութիւն։
Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կազմաւորումը սկիզբ առած է 1965-ին եւ 1971-ին պաշտօնապէս արձանագրուած է Քահանայապետական տարեցոյցին մէջ։
Լիթուանիայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն կախեալ են `Քարիթասը, Կաթողիկէ Ազգային Ռատիոն, եպիսկոպոսական տպագրատունը, Լիթուանիայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ տեղեկատուական կեդրոնը, կրօնուսուցումի կեդրոնը, ընտանիքի կեդրոնը եւ սփիւռքի լիթուանցիներու հովուական խնամակալութեան գրասենեակը։
Լիթուանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահն է ` Վիլինուսի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Կինթարաս Կրուզասը իսկ Լիթուանիայի հանրապետութեան մօտ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակն է` գերապայծառ Փետրօ Լոփէզ Քուինթանան։








All the contents on this site are copyrighted ©.