2015-02-02 11:09:11

''Scholas Occurrentes'' կազմակերպութեան դաստիարակչական համաշխարհային 4-րդ գիտաժողովը։


(Ռատիօ Վատիկան) 2-5 Փետրուար, Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ տեղի կ՝ունենայ''Scholas Occurrentes ''կազմակերպութեան, դաստիարակչական 4-րդ համաշխարհային գիտաժողովը որ ունի որպէս կեդրոնական նիւթ՝ ''Ընկերային դաստիարակչական պատասխանատուութիւն.Բովանդակ դերակատարներու յանձնառութիւնը''։ Այս ծիրէն ներս, չորեքշաբթի, 4 փետրուարի յետմիջօրէին ժամը 5.15ին, Ռատիօ Վատիկանի Մարքոնի դահլիճին մէջ տեղի կ՝ունենայ մամլոյ ասուլիս։ Իսկ՝ հինգշաբթի, 5 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Վատիկանի Սիւնհոդոսական սրահին մէջ, տեղի կ՛ունենայ համագումարին փակման արարողութիւնը, որուն ներկայ կը գտնուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։
''Scholas Occurrentes'', դաստիարակչական կազմակերպութիւն մըն է որ հիմնուած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կամքով, երբ Ան Պուէնոս Այրէսի թեմի արքեպիսկոպոսն էր։
Անցեալ 19 մարտ 2014ին, Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցաւ կազմակերպութեան անդամներուն հետ, Հռոմի հանրային մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած Ֆութպոլի միջկրօնային խաղին առթիւ` նուիրուած աշխարհի խաղաղութեան։
''Scholas Occurrentes'', դաստիակչական կազմակերպութեան կէտնպատակն է եթերային ուղիներով կապ հաստատել աշխարհի զանազան դպրոցներուն հետ զարգացնելու համար հանդիպումի մշակոյթը ու աշխատանք տանիլ՝ ի սպաս խաղաղութեան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.