2015-01-31 13:55:40

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի շնորհաւորական հեռագիրը Իտալիոյ Նորընտիր Նախագահին։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 31 յունուար 2015-ին, Իտալիան ունեցաւ իր Հանրապետութեան 12-րդ նախագահը յանձինս Տիար Սերճօ Մաթթարելլային որ ընտրուեցաւ 665 ձայնով, ընտրական չորրորդ նիստի ընթացքին։
Այս առթիւ Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց նորընտիր նախագահին որուն մէջ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց անոր, ընտրութեան առթիւ ու յատկապէս անոր յանձնուած բարձր պարտականութեան ի սպաս երկրին համերաշխութեան եւ միութեան։
Հեռագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը նորընտիր նախագահին վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւններ ''լուսաւոր գործունէութեան համար եւ հասարակաց բարիքի բարգաւաճումին ի խնդիր Իտալիոյ ժողովուրդին հոգեւոր եւ մարդկային վաւերական արժէքներու հիման վրայ'' ու ապա անոր ու իտալացի համայն ազգին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը







All the contents on this site are copyrighted ©.