2015-01-31 11:31:16

Կիրակի օրուայ Աւետարանական ընթերցում
Յովհաննէս. 6, 22-38


22 Հետեւեալ օրը` բազմութիւնը, որ ծովուն միւս եզերքն էր, տեսաւ թէ ուրիշ նաւակ չկար այն մէկէն զատ` որուն մէջ անոր աշակերտները մտած էին, եւ թէ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ մտած չէր նաւակը, այլ անոր աշակերտները առանձին գացեր էին
23 (բայց Տիբերիայէն ուրիշ նաւակներ եկան այն տեղին մօտ, ուր կերեր էին հացը` Տէրոջ շնորհակալ ըլլալէն ետք):
24 Ուրեմն բազմութիւնը` տեսնելով թէ ո՛չ Յիսուս հոն է, ո՛չ ալ անոր աշակերտները, իրե՛նք ալ նաւ մտան եւ գացին Կափառնայում` փնտռելու Յիսուսը:
25 Երբ գտան զինք` ծովուն միւս եզերքը, ըսին իրեն. “Ռաբբի՛, ե՞րբ եկար հոս”:
26 Յիսուս պատասխանեց անոնց. “Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Դուք զիս կը փնտռէք` ո՛չ թէ քանի որ նշաններ տեսաք, հապա` որովհետեւ նկանակներէն կերաք ու կշտացաք”:
27 [Գացէ՛ք], գործեցէ՛ք ո՛չ թէ կորստական կերակուրին համար, հապա այն կերակուրին համար` որ կը մնայ յաւիտենական կեանքին մէջ, եւ մարդու Որդի՛ն պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրը` Աստուած զի՛նք կնքեց”:
28 Ուրեմն ըսին իրեն. “Ի՞նչ ընենք` որպէսզի կատարենք Աստուծոյ գործերը”:
29 Յիսուս պատասխանեց անոնց. “Սա՛ է Աստուծոյ գործը, որ հաւատաք անոր ղրկածին”:
30 Ուստի ըսին իրեն. “Բայց դուն ի՞նչ նշան կ'ընես, որ տեսնենք ու հաւատանք քեզի. ի՞նչ կը գործես:
31 Մեր հայրերը անապատին մէջ մանանա՛ն կերան, ինչպէս գրուած է. “Երկինքէն հաց տուաւ անոնց` որպէսզի ուտեն”“:
32 Իսկ Յիսուս ըսաւ անոնց. “Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Մովսէս չտուաւ ձեզի երկնային հացը, բայց իմ Հա՛յրս կու տայ ձեզի ճշմարիտ երկնային հացը”.
33 որովհետեւ Աստուծոյ հացը ա՛ն է, որ կ'իջնէ երկինքէն եւ կեանք կու տայ աշխարհի”:
34 Ուրեմն ըսին իրեն. “Տէ՛ր, ամէ՛ն ատեն տուր մեզի այդ հացը”:
35 Յիսուս ըսաւ անոնց. “Ե՛ս եմ կեանքի հացը. ա՛ն որ կու գայ ինծի` երբե՛ք պիտի չանօթենայ, եւ ա՛ն որ կը հաւատայ ինծի` պիտի չծարաւնայ:
36 Բայց ես ըսի ձեզի. “Դուք զիս տեսաք ալ, ու չէք հաւատար”:
37 Բոլոր անոնք որ Հայրը կու տայ ինծի` պիտի գան ինծի, եւ ա՛ն որ կու գայ ինծի` բնա՛ւ պիտի չվտարեմ:
38 Որովհետեւ ես իջայ երկինքէն` գործադրելու ո՛չ թէ ի՛մ կամքս, հապա անո՛ր կամքը` որ ղրկեց զիս:







All the contents on this site are copyrighted ©.