2015-01-31 09:40:22

Աղօթքի զօրութիւնը եւ դերը կրօնաւորական կեանքին մէջ


Մեր Տէրը Յիսուս կ՛ըսէ.« Եթէ հաւատք ունենաք ու չվախնաք, մինչեւ իսկ եթէ այս լեռան ըսէք ելի՛ր եւ ծովը ինկի՛ր, պիտի կատարուի: Եւ ամէն ինչ որ հաւատքով խնդրէք աղօթքի մէջ՝ պիտի ստանաք» (Մատթ. 21. 21-22):
Աղօթքը կրօնաւորին հիմնական զէնքն է, երկրաւոր գանձերուն բանալին է: Առանց աղօթքի` կրօնաւոր մը մարած աստղ մըն է, որ բնաւ լոյս չի տար, չորցած եւ ցամքած ջրանցք մը ուր այլեւս ջուր չի վազեր:
Աղօթքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ զրոյց է Աստուծոյ հետ, Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու միջոց: Աղօթքը հաւատքի զօրացումն է: հոգւոյ սնունդն է: Եթէ ամէն օր չ՛աղօթենք, ապա հոգին կը հիւանդանայ եւ կը մահանայ: Աղօթքը` չարի, փորձութիւններու, եւ մեղքի դէմ պայքարի ամենահզօր զէնքն է: Աղօթքը սիրոյ ամենաքաղցր պտուղն է, որ կը մատուցանենք Աստուծոյ: Առանց աղօթքի ոչ մէկը չի կրնար փրկուիլ:
Այսօրուայ խիստ եւ շատ անգամ չար ժամանակներու մէջ մեզ առաւել եւս խիստ անհրաժեշտ է աղօթքը, որպէսզի կարողանանք մեր հոգիներուն խաղաղութիւն եւ փրկութիւն գտնել:
Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքը խօսելով ներկայ դարուն մարտահրաւէրներուն մասին կ՛ըսէ. «Աշխարհականացումը այսօր մեր մշակոյթներուն մէջ դրական դիմանկարով մը կը ներկայանայ, որպէս ազատագրում եւ որպէս կարելիութիւն՝ աշխարհը եւ մարդկային կեանքը երեւակայելու առանց անդենական աշխարհի մը հետ յարաբերելու կարիքին : Այս վերջին շրջանին, աշխարհականացումը այլեւս բացայայտ եւ հրապարակային քննադատող շեշտ մը չունի Աստուծոյ, կրօնքին եւ քրիստոնէութեան դէմ, նոյնիսկ եթէ վերջերս հակաքրիստոնէական, հակակրօնական եւ հակակղերական ձայներ կը լսուին : Աշխարհականացումը աւելի մեղմ ու թաքուն կերպարանք մը ստացած է, որ կարելի դարձուցած է անհատներու ներաշխարհին մէջ թափանցել եւ մտայնութիւն մը յառաջացնել, ուր Աստուծոյ ներկայութիւնը, մասնակի կամ ամբողջական կերպով, գործնականօրէն բացակայ է մարդուս խիղճէն ու կեանքէն: Այս ձեւով, աշխարհականացումը յաջողած է թէ քրիստոնեայ անհատին եւ թէ քրիստոնէական հասարակութիւններուն մէջ թափանցել եւ հաւատացեալներուն համար, այլեւս ո՛չ միայն արտաքին սպառնալիք մը, այլ առօրեայ ներքին հակադրութեան ենթահող մը դառնալ»:
«Ասոնք յարաբերականութեան արտայայտութիւններն են, կը շարունակէ Կաթողիկոս Պատրիարքը, որոնք մարդաբանական ծանր հետեւանքներ ունին եւ որ մարդուս տարրական փորձառութիւնն իսկ վէճի առարկայ կը դարձնեն, ինչպէս՝ այր եւ կնոջ միջեւ յարաբերութիւնը կամ մահուան իմաստը: Շատ մը քրիստոնեաներու առօրեայ կեանքի ըմբռնումը ազդեցութիւն կրած է աշխարհիկ մտածելակերպէն եւ յատկապէս մշակոյթի այսօրուան արտաքին երեւոյթի մարմաջէն, անոր կերպարներու եւ դրդումներու հակասութիւններով : Հաճոյապաշտ եւ սպառողական մտայնութեան գերակայութիւնը, մարդս մակերեսային եւ եսակեդրոն ձգտումներու կ'առաջնորդէ, որուն դիւրին չէ դիմադրել : Անցեալ դարու «Աստուծոյ մահուան» ջատագով կարգ մը մտաւորականներու փոխարէն, այսօր կը տեսնենք սնամէջ ան-հատապաշտութիւն : Հաւատքի տարրական գիտելիքները կորսնցնելու վտանգը դժբախտ իրականութիւն մըն է, որուն հետեւանքը հոգեւոր հիւծումի եւ ներքին դատարկութեան մէջ անկումն է եւ կամ իյնալը ասոնք փոխարինող ձեւերուն՝ կրօնական եւ հոգեւոր նորաձեւութիւններու եւ կամ ծայրայեղութիւններու մէջ : Աղանդներուն բազմանալն ալ յարատեւ մարտահրաւէր մը կը ներկայացնէ քրիստոնեայ մեր հասարակութիւններուն եւ անհատներուն»:
Ազդեցիկ այս խօսքերէն ետք, կրնանք ըսել թէ այս բոլոր մարտահրաւէրներուն բանալին մէկ է` Աղօթքը , Քրիստոսի հետ հանդիպումը: Ճշմարիտ աղօթքի հիմքը եւ սկիզբը Աստուծոյ փառաբանելն է: Սբ. Բարսեղ Կեսարացին աղօթքի մասին կ՛ըսէ. «Աղօթք սկսելով` թո՛ղ անձդ, կնոջդ ու որդիներիդ, թո՛ղ երկիրը ու բարձրացիր երկնքէն վեր, թո՛ղ երեւելի ու աներեւոյթ ամէն արարած եւ սկսիր փառաբանել Արարչին:







All the contents on this site are copyrighted ©.